ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու (ԼՊՄ) Ընդհանուր վարիչ մարմինին կազմակերպութեամբ, երէկ Այնճարի ՀՅԴ ԼՊՄ-ի բանակավայրին մէջ ընթացք առաւ երէց պատանիներու տարեկան բանակումը:
Ինչպէս կրտսեր պատանիներու բանակումը, նոյնպէս այս բանակումը նուիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին: Ընդհանուր վարիչ մարմինին հրաւէրով, այս տարուան պատանեկան բանակումին կը մասնակցին նաեւ ՀՅԴ Սուրիոյ եւ Կիպրոսի պատանեկան միութիւններէն 6 պատանիներ եւ 2 պատասխանատու ընկերներ:
Բանակումին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ երէկ կէսօրին` դրօշակի արարողութեամբ, մասնակցութեամբ 120 երէց պատանիներու եւ 20 ընկերներէ բաղկացած խմբապետական կազմի: Մասնակից պատանիները բաժնուած են չորս խումբերու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը կրէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վարչապետներէն մէկուն անունը:
Վեց օրուան վրայ երկարող այս բանակումի ընթացքին, պատանիները պիտի հետեւին դաստիարակչական ծրագիրի, որ կ՛ընդգրկէ նիւթեր առնչուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ ներկայ Հայաստանի իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ մարզանքի կարեւորութեան մասին զրոյց մը: Տեղի պիտի ունենան մարզական խաղեր, ռատիոժամի եւ ձեռային աշխատանքի պատրաստութիւն, խմբային աշխատանքներ եւ մրցումներ, զարգացման մրցում, այցելութիւն լողաւազան եւ գիշերային խարոյկին շուրջ ընկերային մթնոլորտ:
Պէտք է նշել, որ այս տարի Այնճարի ՀՅԴ ԼՊՄ-ի բանակավայրի խոհանոցը եւ լուացարանները նորոգուեցան, ինչպէս նաեւ բանակավայրը օժտուեցաւ ճաշասեղաններով եւ նստարաններով:
Ինչպէս կրտսեր պատանիներու բանակումին, երէց բանակող պատանիներուն ծնողները եւս այս տարի հրաւիրուած են բանակավայր ներկայ գտնուելու վերջին գիշերուան խարուկահանդէսին` ծանօթանալու համար բանակավայրին եւ մեր պատանիներու աշխատանքներուն ու միասնաբար խարոյկին շուրջ տօնելու Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը:
Հետեւելու համար բանակումի առօրեայ աշխատանքներուն, կրնաք այցելել «Ֆէյսպուք»-ի ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններ – Պաշտօնական Էջ-ը:



