Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 7 սեպտեմբերին պիտի մեկնի Թեհրան, ուր եռակողմ հանդիպում պիտի ունենայ Իրանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն հետ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այդ մասին երէկ հաղորդած է Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:
Նախապէս Քրեմլինի ներկայացուցիչները նշած էին, որ սեպտեմբերի սկիզբը Իրանի մայրաքաղաք պիտի մեկնի նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին` Հասան Ռուհանիի եւ Էրտողանի հետ բանակցելու համար:
Վերջին անգամ երեք երկիրներու նախագահները հանդիպած էին Պոլսոյ մէջ ապրիլին` Սուրիոյ մէջ ստեղծուած կացութիւնը քննարկելու համար:



