Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Արծուիկ Մինասեան Ընդունած Է Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանը

August 25, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան 24 օգոստոսին ընդունած է Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը:

Հանդիպումին մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի տեղակալ Մանէ Ադամեան, նախարարութեան Զբօսաշրջութեան կոմիտէի նախագահ Հռիփսիմէ Գրիգորեան, նախարարի խորհրդական Արեգ Ղարաբեկեան եւ նախարարութեան Միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Արմէն Այվազեան:

Ողջունելով Աւետիս Կիտանեանը` Արծուիկ Մինասեան նշած է, որ ուրախ է ընդունելով զինք նոր Հայաստանի մէջ եւ պատրաստակամ է համատեղել ջանքերը` զարգացնելու եւ նոր որակ հաղորդելու զբօսաշրջութեան մարզին մէջ փոխշահաւէտ համագործակցութեան:

«Մեր երկրին մէջ կատարուած փոփոխութիւնը յոյսի փոփոխութիւն է, եւ անհրաժեշտ է ամրապնդել այդ յոյսը հասարակութեան մէջ: Իբրեւ նախարար շատ կարեւոր կը նկատեմ ատիկա եւ պատրաստ եմ ընելու առաւելագոյնը մեր երկրի տնտեսութեան զարգացումը ապահովելու համար», ըսած է Արծուիկ Մինասեան:

Նախարար Աւետիս Կիտանեան տեղեկացուցած է, որ տպաւորուած է հայաստանեան փոփոխութիւններով եւ աւելցուցած, որ հաճելի է կրկին հանդիպիլ այս նախարարութեան մէջ եւ շարունակել սերտ համագործակցութիւնը, որ սկիզբ առած է Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ մարզի պատասխանատուներու հետ շարք մը հանդիպումներու  ընթացքին:

«Զբօսաշրջութիւնը այն մարզն է, որ կրնայ արագօրէն դառնալ տնտեսական զարգացման հիմնական աղբիւր: Այս ուղղութեամբ փորձենք միասնաբար աշխատիլ», ըսած է Աւետիս Կիտանեան եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնած ջանքեր գործադրելու երկու բարեկամ երկիրներու զբօսաշրջութեան մարզերու զարգացման ուղղութեամբ:

Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնած են ընթացիկ տարուան  առաջին կիսամեակին արձանագրուած արդիւնքներուն վերաբերեալ (ըստ վիճակագրական տուեալներու, Լիբանանէն Հայաստան հասած զբօսաշրջիկներուն թիւը կազմած է 3.437 մարդ, նախորդ տարուան 2410-ի դիմաց, աճը նախորդ տարուան համեմատ կազմած է 42,6 առ հարիւր), միեւնոյն ժամանակ նշելով, որ կայ զարգացման մեծ ներուժ եւ կարելիութիւն:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են զբօսաշրջութեան մարզի զարգացման կարելիութիւններուն առնչուող խնդիրներ, որոնց կարգին` նոր զբօսաշրջային ձեւերու զարգացման, զբօսաշրջութեան ենթակառուցուածքներու բարելաւման, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջական ուղեցոյցներու եւ լրագրողներու խումբերու փոխադարձ այցելութիւններու, հանդիպումներու եւ համագործակցութեան կազմակերպման հարցեր:

Կողմերը համաձայնած են հետագայ համագործակցութեան քայլերը եւ գործողութիւնները աւելի առարկայական նախապատրաստել եւ քննարկել Արծուիկ Մինասեանի` ընթացիկ տարուան աշնան  նախատեսուող Լիբանան եւ Սուրիա այցելութեան ժամանակ:

 

Նախորդը

«Կառավարութեան Կազմութեան Մինչեւ 1 Սեպտեմբեր Պիտի Սպասեմ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Հայ-Գերմանական Յարաբերութիւններուն Մէջ Նոր Էջ` Մերքելի Հայաստան Այցելութեամբ

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.