Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկացի Պաշտօնատար Ռոպըրթ Քարեմ Կը Հաստատէ Միացեալ Նահանգներու Զօրակցութիւնը Լիբանանեան Բանակին

August 25, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ հինգշաբթի օր երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան մը շրջագիծին մէջ Լիբանան եկաւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի միջազգային ապահովութեան հարցերու օգնական Ռոպըրթ Սթորի Քարեմը, որ հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան պետերուն եւ լիբանանցի տարբեր պատասխանատուներու հետ` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց Քարեմը` յոյս յայտնելով, որ Միացեալ Նահանգներ որդեգրեն այնպիսի քաղաքականութիւն մը, որ կ՛ամրապնդէ ամբողջ աշխարհի եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի խաղաղութիւնը, որ ժողովուրդներուն կայունութեան իրաւունքն է:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան: Ան կոչ ուղղեց ամերիկեան վարչակազմին ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի ան վերջ տայ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իր գործած ոտնձգութիւններուն, յատկապէս Լիբանանի վերեւ ամէնօրեայ դրութեամբ անոր գործած թռիչքներուն եւ լիբանանեան օդային սահմանները օգտագործելով Սուրիան ռմբակոծումի թիրախ դարձնելու գործողութիւններուն:

Նախագահ Աուն ընդգծեց Ուաշինկթընի զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը` հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ծառայութեան ժամկէտը երկարաձգելու քայլերուն` առանց անոնց իրաւասութիւններուն, թիւին եւ պիւտճէին փոփոխութեան:

Ան շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ներկայութիւնը կը նպաստէ սահմանային Կապոյտ գիծին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան, յատկապէս նկատի ունենալով, որ լիբանանեան բանակը իր կարգին կ՛օժանդակէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ ապահովական կայունութիւնը պահելու աշխատանքը կը համադրէ անոնց հետ:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներուն լիբանանեան բանակին տրամադրած օժանդակութիւններուն համար` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը իր կարողութիւնները փաստեց երկրին արեւելեան լեռնաշղթային վրայ ահաբեկչութիւնը տապալելով, լիբանանեան ներքին ապահովութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելով ահաբեկչութեան քնացած բջիջներէն, ինչպէս նաեւ կրցաւ հակակշիռի տակ պահել սուրիացի տեղահանուածներուն կեդրոնները:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք յանձնառու է պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մը մշակելու` կառավարութեան կազմութենէն ետք:

Իր կարգին, Քարեմ մեծապէս գնահատեց լիբանանեան բանակի հզօրացման նպատակով նախագահ Աունի թափած ջանքերը` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն զօրակցիլ լիբանանեան բանակին եւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու երկու բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդել:

Քարեմ այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Քարեմ երէկ Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆի հետ:

Սարրաֆ շեշտեց լիբանանեան բանակին տրամադրուած ամերիկեան զինուորական օժանդակութեան կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ շրջանին ապահովական կայունութեան համար Լիբանան հիմնական ազդակ է: Ան աւելցուց, որ լիբանանեան բանակը պիտի ջանայ շրջանին մէջ հզօրագոյն բանակը դառնալ` աւելցնելով, որ բանակը կը վայելէ լիբանանեան իշխանութիւններուն կատարեալ զօրակցութիւնը:

Քարեմ իր կարգին շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն նեցուկ կանգնիլ եւ օժանդակել բանակին` բարձր գնահատելով անոր արձանագրած յաղթանակները ահաբեկչութեան դէմ:

Քարեմ երէկ յետմիջօրէին Լաքլուքի մէջ ներկայ գտնուեցաւ լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժերու ջոկատին կատարած մէկ ռազմափորձին` ներկայութեամբ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի:

Զօր. Աուն հաստատեց, որ Լիբանան պիտի շարունակէ մնալ կայուն ու ապահով երկիր մը:

Նշենք, որ Քարեմ եւ Ռիչըրտ այցելեցին նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններու ղեկավարներ Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Սամիր Ժահժահի:

 

Նախորդը

Տեղեկահաւաքի Բաժանմունքը Ձախողեցուց Բանակի Անցարգել Մը Եւ Եկեղեցի Մը Պայթումի Թիրախ Դարձնող Ահաբեկչական Գործողութիւններ

Յաջորդը

Ատհայի Տօնին Առիթով Պըրրի Շնորհաւորական Հաղորդակցութիւններ Ստացաւ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.