Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Քննարկեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Եւ Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Վեհաժողովին Իր Մասնակցութեան Նախապատրաստութիւնները

August 21, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Ատհայի տօնին առիթով իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց լիբանանցիներուն` իր սրտագին բարեմաղթութիւնները ուղղելով անոնց:

Նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ բոլորը ընկալեն տօնին իմաստը եւ երկրին գերագոյն շահերը առաջնահերթ դասեն` հրաժարելով անձնական եւ ժամանակաւոր շահերէն, որովհետեւ Լիբանանը շրջապատող շրջանային պայմանները կը պարտադրեն, որ Լիբանան դիմագրաւէ իրեն դէմ ծառացող մարտահրաւէրները եւ նուաճումներ իրագործէ:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ այդ նուաճումներէն կարեւորագոյնը պիտի ըլլայ նոր կառավարութեան կազմութիւնը` երկրին վերաշխուժացումը եւ զարգացումը ապահովելու համար:

Ատհայի տօնին առիթով նախագահ Աուն հեռագիրներ յղեց նաեւ արաբական ու իսլամական երկիրներու ղեկավարներուն` լաւագոյն մաղթանքներ ուղղելով անոնց երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղերը, որուն հետ քննարկեց Երեւանի մէջ 11-12 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան վեհաժողովին իր մասնակցութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ վեհաժողովին ընթացքին քննարկուելիք հարցերը:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն դեսպան Ամալ Մտալլալին, որուն հետ քննարկեց 22 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին նախագահ Աունի մասնակցութեան նախապատրաստական աշխատանքները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութեան երկարաձգման վերաբերող խորհրդակցութիւններն ու կարգ մը այլ դիւանագիտական հարցերու մանրամասնութիւններ:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Ազգային պլոքի երեսփոխան Ըսթֆեն Տուէյհի: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու նոր կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Հանդիպումէն ետք Տուէյհի յայտնեց, որ նախագահ Աուն շեշտած է նոր կառավարութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու կարեւորութիւնը, որպէսզի անիկա կարենայ լուծել երկրին դիմագրաւած մարտահրաւէրները, յատկապէս` տնտեսական տագնապը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Նախագահ Աուն մեծապէս գնահատեց Շորթըրի ջանքերը` լիբանանեան-բրիտանական յարաբերութիւնները ամրապնդելու գծով եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր ստանձնած նոր պատասխանատուութեան առնչութեամբ:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Սուրիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Սաատ Զախիա: Քննարկուեցան լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւններն ու սուրիացի տեղահանուածներու թղթղածրարը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ, որ քննարկեց Դատական գերագոյն ատեանին եւ դատական իշխանութիւններուն վերաբերող հարցեր:

 

Նախորդը

Զահլէի Զբօսաշրջական Փառատօները Եզրափակուեցան Ծաղիկներու Փոխադրակառքերու Շքախումբի Երթով

Յաջորդը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Համագործակցութեան Համաձայնագիր Կը Ստորագրէ «Էյ. Եու. Թի.» Համալսարանին Հետ

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.