Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 21, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի հաստատեց, որ ելեկտրածին շարժակներու հայթայթած ելեկտրականութեան համար ժամացոյցներու զետեղման որոշումը առկայ կը մնայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Ատհայի տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանեան բանակն ու անոնց ընտանիքները, յատկապէս` բանակի նահատակներուն ընտանիքները: Այս առիթով ան լիբանանցիներուն փոխանցեց իր լաւագոյն բարեմաղթութիւնները:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ ցաւակցագիր մը յղեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի, որուն ցաւակցութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Անանի մահուան առիթով:

Ժեմայէլ ցաւակցագիր մը յղեց նաեւ Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելլայի եւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթիի` ցաւ յայտնելով Ճենովայի փուլ եկած կամուրջին պատճառած զոհերուն համար:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա հաստատեց, որ ոգի ի բռին պիտի պայքարին միջնորդութեամբ պետական պաշտօններ բաշխելու իրականութեան դէմ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Զիատ Հաուաթ կոչ ուղղեց արգիլելու Ժիպէյլի բարձունքներուն վրայ օրէնքէ դուրս գործող «կղզի»-ի գոյութիւնը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան եւ քաղաքական կարգ մը անքաղաքավար անձնաւորութիւններու կողմէ ահաբեկչութեան նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեան միջեւ կարճ ժամանակամիջոց մը գոյութիւն ունի:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Օքայս հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կարելի չէ Դամասկոսի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման առնչել, որովհետեւ անիկա կը հակադրուի Լիբանանի գերագոյն շահերուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ Ատհայի տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները` մաղթելով, որ ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը տիրական դառնան արաբական աշխարհին մէջ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց վերջ տալու անիրաւութեան ոճին, որուն շատեր վարժ են:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Թրապուլսի հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտող արգելքը արտաքին արգելք մըն է:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ֆատի Քարամ հաստատեց, որ ոմանք կը փորձեն սուրիական վարչակարգը լիբանանեան ներքին քաղաքական կեանքին միջամուխ դարձնել:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ տնտեսական գետնի վրայ Սուրիոյ հետ գործակցութիւնը Լիբանանի յաջորդ կառավարութեան միակ փրկարարը պիտի ըլլայ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա հաստատեց, որ անհատի մը դէմ ցեխարձակում կատարելը միտքը չի հարստացներ, այլ` սադրանքներ կը հրահրէ, եւ մենք հեռու ենք նման սադրանքներէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը որքան երկարի, նոյնքան կը բարդանան այդ հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտները:

ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՅԻՆ վարկերու պետական հաստատութեան նախագահ Ռոնի Լահուտ հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր պլոքները կը ջանան բնակարանային վարկերու հաստատութեան դիմագրաւած տագնապը լուծել:

ՀԱՄԱՅՆԱՎԱՐ կուսակցութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց տնտեսութեան նախարարին` բացայայտելու այն փտածութիւնը, որուն մէջ կը լողայ իր կառավարութիւնը:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը կը հերքէ այն լուրերը, թէ ինք մտադիր է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան գծով իր վճիռը արձակել սեպտեմբերին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, ներկայիս կառավարութեան կազմութեան գծով մէկ պատկերացում կայ` աւելցնելով, որ տիրող ներկայ պայմանները որեւէ այլընտրանք չեն արտօներ: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական բարձրաստիճան հեղինակութիւններէ, հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան սլաքները ետ կը մնան եւ կը սպառնան ներկայ իշխանութիւններուն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Նապաթիէի մուտքին գտնուող անցարգելները չեղեալ նկատելու որոշումը պիտի տրուի Աշուրայի տօնէն ետք: Նոյն օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի քաղաքական ուժերու տարբեր ղեկավարներու յայտնած է, որ կը մտադրէ կառավարութեան նոր կազմ մը առաջարկել 15 սեպտեմբերէն առաջ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի յանձնառութիւն ստանձնած է Մոսկուան տեղեակ պահել լիբանանեան իրավիճակին զարգացումներէն:

 

 

Նախորդը

«Թոթալ» Պաշտօնապէս Հեռացաւ Իրանի Մէջ Ծրագիրէ Մը

Յաջորդը

Ատհայի Տօնին Առիթով Վարչապետ Հարիրի Շնորհաւորեց Լիբանանցիները

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.