Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔԱԶԶԱՖԻԻՆ ՈՒԺԵՐԸ ԵՐԿՈՒ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ

March 23, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ջախջախուած ամերիկեան օդանաւը

Մոամմար Քազզաֆիի ուժերը երէկ երկու քաղաքներու դէմ յարձակում գործելով տասնեակներով զոհ պատճառեցին, մինչ ըմբոստները արեւելեան Լիպիոյ մէջ բանտարկուած են, իսկ ՕԹԱՆ քանի մը շաբաթ ետք Միացեալ Նահանգներու հեռանալէն ետք արեւմտեան օդային արշաւին ղեկավարութեան ստանձնման շուրջ բուռն վիճաբանութեամբ տարուած է:

Քազզաֆիի ուժերուն հրասայլերը երէկ ռմբակոծեցին արեւմտեան Լիպիոյ մէջ ըմբոստներու վերահսկողութեան տակ եղող Միսրաթա քաղաքը, ուր զոհերուն թիւը բարձրացաւ քառասունի: Քաղաքը շաբաթներէ ի վեր Քազզաֆիի ուժերուն կողմէ պաշարուած է:

Քազզաֆիի ուժերը նաեւ կը փորձեն գրաւել Թունուզի սահմանին մօտ գտնուող Զինթան քաղաքը` օգտագործելով ծանր զէնքեր: Քաղաքի բնակիչները հեռացած են քաղաքի կեդրոնէն եւ մօտակայ քարայրներու մէջ ապաստանած են: Ըստ ականատեսներու, քաղաքին մէջ 10 զոհ արձանագրուած է: Ֆրանսայի վարչապետը յայտարարեց, որ զինուորական գործողութիւնը պիտի դադրի, երբ Քազզաֆի զինադադարը ընդունի:

Միւս կողմէ, ըմբոստները, հակառակ գիշերով տեղի ունեցած արեւմտեան ուժերու օդային հարուածներուն, չկրցան յառաջանալ դէպի Աժտապիա:

Միացեալ Նահանգներ կը նախատեսեն «Ոդիսականի արշալոյս» գործողութեան հրամանատարութիւնը «քանի մը օրէն» յանձնել, սակայն չեն յայտնած, թէ ո՛ր երկիրը կամ կազմակերպութիւնը պիտի ստանձնէ այդ պարտականութիւնը: Բրիտանիա եւ Ֆրանսա օդային հարուածներուն մէջ յառաջատար դերակատարութիւն ստանձնեցին:

Բրիտանիոյ վարչապետը յայտնեց, որ նպատակը հրամանատարութիւնը ՕԹԱՆ-ին փոխանցելն է, սակայն Ֆրանսա նշեց, որ արաբական երկիրները չեն ուզեր, որ ամերիկեան ղեկավարութեամբ այդ դաշինքը ստանձնէ գործողութեան հրամանատարութիւնը:

Մինչ այդ, ամերիկեան օդուժին պատկանող «Էֆ-15Ի» տիպի պատերազմական օդանաւ մը նախանցեալ երեկոյեան ջախջախուեցաւ, սակայն անոր երկու օդաչուները փրկուեցան: Ամերիկեան բանակը յայտնեց, որ ջախջախման հաւանական պատճառը մեքենական խանգարում մըն է եւ ոչ թէ թշնամի ուժերու կրակոցը:

Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է եւ երկու ղեկավարները ՄԱԿ-ի որոշումին ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելով «համաձայնած են, որ անիկա մեծաթիւ, ներառեալ` արաբական պետութիւններու մասնակցութեամբ միջազգային ջանքի պիտի կարօտի»:

Նախորդը

«ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՐԲԵՔ ԼԻՊԻՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԴԷՄ ԶԷՆՔ ՊԻՏԻ ՉՈՒՂՂԷ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ

Յաջորդը

ԱԿՆԱՐԿ. ՀԱՄԱԿԱՐԳԱՅԻՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.