Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՐԲԵՔ ԼԻՊԻՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԴԷՄ ԶԷՆՔ ՊԻՏԻ ՉՈՒՂՂԷ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ

March 23, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Սի. Էն. Էն. Թիւրք» կը հաղորդէ, որ երէկ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խմբակցութեան նիստի ընթացքին կուսակցութեան ղեկավար, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` անդրադառնալով Լիպիոյ մէջ տիրող իրավիճակին, յայտարարած է. «Թուրքիա երբեք Լիպիոյ ժողովուրդին դէմ զէնք պիտի չուղղէ»:

«Քննադատութիւններ կը հնչեն, թէ «Եգիպտոսի իրադարձութիւններուն ժամանակ իր ձայնը բարձրացուցած վարչապետը ինչո՞ւ հիմա կը լռէ»: Այս ամէնը անտեղեակութեան արդիւնք է: Մենք լաւ գիտենք ո՛ւր ըսել եւ ի՛նչ ըսել: Ատիկա կ՛ընենք խորհրդակցութիւններու միջոցով: Ի վերջոյ մենք ոչ թէ խանութի մէջ կ՛աշխատինք, այլ Թուրքիան կը կառավարենք», ըսած է Էրտողան` նշելով, որ Անգարա Լիպիոյ վերաբերեալ իր վերջնական դիրքորոշումը պիտի յայտարարէ ՕԹԱՆ-ի նիստին ընթացքին:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երկուշաբթի օր ՕԹԱՆ-ի կողմէ Լիպիոյ մէջ գործողութիւններու մաս կազմելու համար յառաջ քշած էր չորս նախապայման: Մեքքայի համալսարանին մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին ան յայտարարած էր. «ՕԹԱՆ-ը պէտք է մուտք գործէ Լիպիա` հաստատելու եւ ամրագրելու համար, որ Լիպիան կը պատկանի լիպիացիներուն, Լիպիոյ բնական պաշարները եւ հարստութիւնները պէտք է շարունակեն պատկանիլ լիպիացիներուն: Գործողութիւնը պէտք չէ վերածուի բռնագրաւումի: Լիպիոյ ժողովուրդին պէտք է իր որոշումները ինքնուրոյն կայացնելու կարելիութիւն տրուի»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու իր կարգին երկուշաբթի օր յայտարարած էր, որ «Թուրքիա երբեք Լիպիոյ ժողովուրդին դէմ զէնք պիտի չուղղէ»:

Նշենք, որ «Սի. Էն. Էն. Թիւրք» հաղորդեց, որ Ուաշինկթընի նախաձեռնութեամբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը տեղի ունեցած է: Երկու ղեկավարները քննարկած են Լիպիոյ մէջ տիրող իրավիճակը:

 

Նախորդը

ԵՄԷՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ՄԻՆՉԵՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋ ՀՐԱԺԱՐԻԼ

Յաջորդը

ՔԱԶԶԱՖԻԻՆ ՈՒԺԵՐԸ ԵՐԿՈՒ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.