Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէնի Պաշտօնակատար Պետրոս Թերզեանը

August 17, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 15 օգոստոս 2018-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի պաշտօնակատար Պետրոս Թերզեանը: Վեհափառ հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց Թերզեանի նշանակումը յիշեալ յոյժ կարեւոր պատասխանատուութեան եւ իր համոզումը յայտնեց, որ ան պիտի կարենայ իրեն վստահուած կարեւոր առաքելութիւնը կատարել խոր գիտակցութեամբ եւ ամբողջական նուիրումով:

Պետրոս Թերզեան վեհափառ հայրապետին պարզեց վերջերս Հայաստանի ու Արցախի նախագահներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի վարչապետին հետ ունեցած խորհրդակցութիւնները` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը վերակազմակերպելու եւ վերաշխուժացնելու ձգտող:

Վեհափառ հայրապետը, իր կարգին, կարեւորութեամբ շեշտեց հիմնադրամին աշխատանքներուն նոր թափ տալու հրամայականը` իբրեւ զօրեղ կամուրջ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք գործակցութեան, ինչպէս նաեւ իբրեւ ազդու միջոց Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն սփիւռքի գործնական մասնակցութեան: Ապա, վեհափառ հայրապետը Թերզեանի ուշադրութեան յանձնեց հետեւեալ կէտերը.- ա) անհրաժեշտ է հիմնադրամին նկատմամբ սփիւռքի վստահութիւնը ամրապնդելու նոր միջոցներու որոնումը, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի լայն ծաւալով ապահովել սփիւռքի հայութեան ներդրումը հիմնադրամին. բ) շուրջ 25 տարիներու փորձառութեան լոյսին տակ եւ ստեղծուած նոր պայմաններուն հետ յարաբերաբար, անհրաժեշտ է հիմնադրամի կառոյցը, գործելակերպը եւ առաջնահերթութիւնները վերատեսութեան ու վերարժեւորման ենթարկել: Այս ծիրին մէջ, բնականաբար, պէտք է շարունակել առաջնահերթութիւն տալ Արցախին` հասկնալի պատճառներով. գ) հիմնադրամի աշխատանքներուն սփիւռքի գործնական զօրակցութիւնը աւելի ապահովելու հեռանկարով, անհրաժեշտ է, որ անոր տնօրէնը նախընտրաբար սփիւռքահայ մը ըլլայ, ինչպէս նաեւ անոր աշխատակազմին մէջ ներառուին սփիւռքի կարեւոր գաղութներէն անձեր:

Ապա, վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, իր թեմերով, պիտի շարունակէ գործնապէս զօրավիգ կանգնիլ հիմնադրամին որդեգրած բոլոր ծրագիրներուն:

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը Օժտուեցաւ «Նունէ Եւ Նինարէ Նազարեան» Վերանորոգեալ Մատենադարանով

Յաջորդը

«Սքրիփալի Հարցով Ռուսիոյ Հասցէին Ուաշինկթընի Ամբաստանութիւնները Անհեթեթ Են» Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.