Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Նիստէն ետք նշուեցաւ, որ պլոքը ընդգծած է Լիբանանեան համալսարանին զօրակցելու եւ զայն վարկաբեկելու ու ազգային դերակատարութիւնը չքացնելու բոլոր փորձերը ետ մղելու կարեւորութիւնը:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքը շեշտեց նաեւ 2006-ի յուլիսեան պատերազմէն տուժած բնակարաններուն եւ վաճառատուներուն, ինչպէս նաեւ ձիթապտուղի ցանքով զբաղող մշակներու պահանջներուն հատուցումները ամբողջացնելու կարեւորութիւնը:
Նիստին ընթացքին խորհրդարանի նախագահը պահանջեց հաշիշի մշակման օրինականացման օրէնքը քանի մը օրէն վերջնականացնել:
Պլոքը քննարկեց նաեւ ելեկտրականութեան տագնապին եւ անգործութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին կապուած զարգացումներ:
Ատհայի տօնին առիթով Պըրրի եւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքը լիբանանցիներուն եւ յատկապէս իսլամներուն շնորհաւորութիւններ փոխանցեցին: Անոնք շնորհաւորեցին լիբանանցիները նաեւ Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով:



