Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիաշի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին Եւ Վարչապետին

August 13, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի շաբաթավերջին այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Շաբաթ կէսօրին Պըրրիի հետ աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ռիաշի յայտնեց, որ հանդիպումը կարելի է հոյակապ նկատել, իսկ մթնոլորտը` դրական:

Ան յայտնեց, որ Պըրրի կ՛օժանդակէ վարչապետ Հարիրիին` լուծելու համար իր դէմ ծառացած հարցերը:

«Նոյն քայլին դիմեց նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, որ Հարիրիին ներկայացուց մեծ թիւով դիւրութիւններ: Բայց եւ այնպէս տակաւին կան որոշ արգելքներ, որոնցմէ կարեւորագոյնը այն է, թէ ոմանք կը կարծեն, որ կառավարութիւնը Ողիմպիոս լերան վրայ է, ուր չաստուածները կ՛ապրին,  մինչդեռ մենք սովորական մարդիկ ենք: Հետեւաբար կարեւոր կը նկատենք, որ ոմանք իրենց պահանջներուն մէջ համեստ գտնուին եւ ըմբռնեն, թէ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքներուն պարագային կառչած պէտք է մնալ միայն մէկ չափանիշի, որ բոլորին կը վերաբերի», հաստատեց Ռիաշի:

Ան իր խօսքը եզրափակեց յայտնելով, որ քաղաքական եզրերով կարելի է ըսել, թէ քաղաքական իւրաքանչիւր ուժ իր չափաբաժինը մէկ անգամ պէտք է հաշուէ` առանց բազմապատկելու զայն:

Երեկոյեան Ռիաշի այցելեց վարչապետ Հարիրիի, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող հարցեր:

Ռիաշի նշեց, որ վարչապետ Հարիրիէն նամակ մը տարած է Ժահժահին, ինչպէս նաեւ Ժահժահէն նամակ մը բերած է Հարիրիին:

Ան նշեց, որ մթնոլորտը դրական է` աւելցնելով, որ ինք կը վստահի վարչապետ Հարիրիին:

Ռիաշի կոչ ուղղեց բոլորին` ներդրում ունենալու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի լուծման մէջ:

Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ գործակցութեան ակնարկելով` Ռիաշի նշեց, որ ինք բազմիցս փորձած է կապ հաստատել Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ, սակայն մնացած է անպատասխան:

 

 

Նախորդը

Հէյլի Կը Փորձէ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերու Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումին Կապուած Նախապայմաններ Պարտադրել

Յաջորդը

Ըստ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանին. Վերջին Շրջանին Քննուող Քրէական Գործերուն Մէջ Կը Նկատուին Իրաւունքներու Ոտնահարման Վտանգաւոր Միտումներ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.