Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոլոմպիան Ճանչցաւ Պաղեստինի Անկախութիւնը

August 10, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քոլոմպիոյ Հանրապետութիւնը Պաղեստինը ճանչցած է իբրեւ անկախ պետութիւն: Համապատասխան յայտարարութիւնը հրապարակուած է Քոլոմպիոյ մէջ Պաղեստինի դեսպանատան պաշտօնական կայքին վրայ:

«Պաղեստինի դեսպանատունը պատիւը ունի յայտնելու, որ Քոլոմպիոյ Հանրապետութիւնը որոշած է Պաղեստինը ճանչնալ իբրեւ ազատ, անկախ եւ գերիշխան պետութիւն», ըսուած է դեսպանատան մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:

Քոլոմպիական «Էլ Թիեմփօ» օրաթերթի տեղեկութիւններով` Պաղեստինի ճանաչման որոշումը որդեգրուած է անցեալ շաբաթ Քոլոմպիոյ արդէն նախկին նախագահ Խուան Մանուէլ Սանթոսի կառավարութեան կողմէ: Հարաւային ամերիկեան երկրի նոր նախագահ Իվան Տուքէ, որ 17 յունիսի ընտրութիւններուն  յաղթանակ արձանագրած է, իր պաշտօնը ստանձնած է 7 օգոստոսին:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Քոլոմպիոյ արտաքին գործոց նոր նախարար Քարլոս Օլմես յայտարարած է, թէ Քոլոմպիոյ նոր կառավարութիւնը կը պատրաստուի քննադատաբար վերատեսութեան ենթարկել Պաղեստինի ճանաչման որոշումը:

«Հաշուի առնելով հաւանական բացթողումները, որոնք կրնան ի յայտ գալ այն առումով, թէ նախկին նախագահը ինչպէ՞ս որդեգրած է այդ որոշումը, կառավարութիւնը մանրակրկիտ կերպով պիտի ուսումնասիրէ ատոր հետեւանքները եւ պիտի գործէ միջազգային օրէնքին համապատասխան», ըսած է Օլմես:

Քոլոմպիոյ մէջ Իսրայէլի դեսպանատունը յայտարարած է, թէ հիասթափուած է Պաղեստինի անկախութիւնը ճանչնալու Պոկոթայի որոշումէն եւ այդ որոշումը կը նկատէ «ապտակ հաւատարիմ դաշնակիցին»:

 

Նախորդը

Ամերիկեան Պատժամիջոցներու Պատճառով. Իրաք Սառեցուցած Է Իրանի Հետ Դրամատնային Գործառնութիւնները

Յաջորդը

Թուրքիոյ Արեւմտեան Ափերուն Մօտ Գաղթականներ Տեղափոխող Նաւ Մը Ընկղմած Է

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.