Կազմակերպութեամբ ու հովանաւորութեամբ Տհուր Շուէյրի քաղաքապետութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ լեռնային հեծելարշաւի մրցում մը, Տհուր Շուէյրի մէջ` մասնակցութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին անդամակցած եօթը միութիւններու հեծելանւորդներուն:
Յաջորդաբար հինգերորդ տարին ըլլալով տիտղոսին տիրացաւ Էլիաս Ապու Ռաշիտ («Պայք Լիպանոն»)` արձանագրելով 1 ժամ 32’30” արդիւնք մը (5 շրջան):
Երկրորդ հանդիսացաւ Էմիլ Տաու (Շեպիպեթ Սալաաթա, 1 ժամ 38’35”), իսկ երրորդ` Զահեր Հաժ (Ալէյի ակումբ, 2 ժամ 4’05”):
Ինչ կը վերաբերի «Մասթըրզ»-ի մրցաշարքին, անոր տիրացաւ Ռաֆիք Իտ (Շեպիպեթ Սալաաթա), որ արձանագրեց 1 ժամ 27’35” արդիւնք մը (4 շրջան): Երկրորդ դիրքը գրաւեց Խալետ Տիպ (1 ժամ 43’41”), իսկ երրորդ դիրքը` Ռանի Մհաննա (նոյնը):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ երեսփոխան Էլիաս Պու Սաապի, Տհուր Շուէյրի քաղաքապետութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ հեծելարշաւի ֆետերասիոնի անդամներուն:
Այլ գետնի վրայ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը կը կազմակերպէ անդամալոյծներու առաջին ախոյեանութիւնը ինչպէս նաեւ Արմէն Արսլանեանի անուան կրտսերներու մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 12 օգոստոսին, Մարինայի շրջանին մէջ:



