Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Արծուիկ Մինասեան Ընդունած Է Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանը

August 7, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ նախարար Արծուիկ Մինասեան հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մոհամետ Ահմետ Հաժ Իպրահիմի հետ: Հանդիպումին մասնակցած է Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան  Միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Արմէն Այվազեան:

Արծուիկ Մինասեան ողջունած է դեսպանը, անդրադարձած երկու բարեկամ երկիրներու առեւտրական եւ տնտեսական յարաբերութիւններուն, նշած, որ անհրաժեշտութիւն կայ զանոնք բարձրացնելու քաղաքական եւ բարեկամական յարաբերութիւններու  մակարդակին: Նախարարը կարեւոր նկատած է հայ-սուրիական միջկառավարական միացեալ յանձնախումբի աշխատանքներուն նոր թափ հաղորդելու անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ զգալիօրէն պիտի աշխուժացնէ առեւտրական եւ տնտեսական կապերը` նպաստելով անոնց ընդլայնման: Նախարար Արծուիկ Մինասեան ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու ընթացքը, անդրադարձած սուրիացի գործարարներու համար դէպի Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Եւրոպական Միութեան շուկաներ Հայաստանը իբրեւ հարթակ դիտարկելու կարելիութեան:

Իր կարգին, դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնելով հանդիպումին համար, խօսած է տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման սուրիական կողմէ տրուող արտօնութիւններու, ինչպէս նաեւ հայկական արտադրանքը Սուրիոյ միջոցով արաբական երկիրներու շուկաներուն մէջ ներկայացնելու կարելիութեան մասին: Դեսպանը նոյնպէս կարեւոր նկատած է միջկառավարական յանձնախումբի աշխատանքը, ինչ որ պիտի նպաստէ բազմաթիւ հարցերու լուծման:

Հանդիպումին խօսուած է ներդրումներու խթանման, միացեալ  արտադրութիւններու հիմնումին, ազատ տնտեսական գօտիներու մէջ  գործունէութիւն ծաւալելու եւ շարք մը այլ հարցերու մասին: Դեսպանը յայտնած է յառաջիկային հայաստանցի լրագրողներու Սուրիա նախանշուող ճանաչողական այցելութեան մասին, ինչ որ  զբօսաշրջութեան զարգացումը պիտի խթանէ, ինչպէս նաեւ տեղեկացուցած է Հայաստանի մէջ սուրիական արտադրանքի ցուցահանդէս կազմակերպելու նպատակայարմարութեան մասին, ինչ որ, թերեւս, կարելիութիւն կու տայ հետագային Հայաստանի ազատ տնտեսական գօտիներուն մէջ ունենալու մնայուն ցուցադրութիւն:

Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է յագեցած օրակարգի եւ բազմաթիւ հարցերու ներկայացման համար` նշելով, որ անոնց լուծման համար պիտի ստեղծուի աշխատանքային խումբ:

Հանդիպումի աւարտին կողմերը վերահաստատած են համագործակցութեան ընդլայնման իրենց պատրաստակամութիւնը:

 

 

Նախորդը

Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Հաղորդէ Ազրպէյճաական Հերթական Ապատեղեկատուութեան Մասին

Յաջորդը

Ռոպերթ Քոչարեանի Խափանման Միջոցը Փոխելու Վերաբերեալ Վերաքննիչ Բողոքի Քննութիւնը` 9 Օգոստոսին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.