Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիզպոն 5-ի 35-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Ստեփանակերտի Մէջ

August 2, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիզպոնի գործողութեան 35-ամեակին առիթով ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը Լիբանանի ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական, ՀՅԴ Աւստրալիոյ երիտասարդական եւ ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի երիտասարդական միութիւններու ճամբարներու ծրագիրով Արցախի մէջ գտնուող անդամներու հետ կազմակերպած է հանրային ձեռնարկ, որ տեղի ունեցած է Ստեփանակերտի Ստեփան Շահումեանի անուան պուրակին մէջ: Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներով եւ երաժշտական կատարումներով հանդէս եկած են Ստեփանակերտի թիւ 2 եւ 5 դպրոցներու մէջ եւ Ասկերանի Էդմոն Բարսեղեանի անուան դպրոցի մէջ ընթացող ճամբարներու պատասխանատուներն ու երկու քաղաքներու ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու անդամները:

ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Արմոնդ Թահմասեանը իր ելոյթի խօսքին մէջ արժեւորած է Լիզպոնի տղաներուն գործողութիւնը. «Լիզպոնի 5 տղաները պատահաբար չեն զոհուած, անոնք փառք ու պատիւ են սփիւռքի ու հայրենիքի համար: Այսօր մենք կը տեսնենք անոնց գործողութեան շառաւիղը, կ՛ապրինք ազատ, անկախ Արցախ աշխարհի մէջ», նշած է Արմոնդ Թահմասեանը` աւելացնելով, որ հպարտ է դաշնակցական երիտասարդներով, որոնք կը շարունակեն մեր ընկերներուն կիսատ ձգած գործը:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Արամ Թուֆենկճեանը իր խօսքին մէջ նշած է, որ Լիզպոնի 5 ընկերները իրենց կեանքը նուիրեցին մեր իրաւունքներուն եւ արդար Դատին համար: «Շնորհիւ Լիզպոն 5-ի հերոսներուն մեր Դատին շուրջ բարձրացած լռութեան պատը խորտակուեցաւ: Լիզպոն 5-ի տղաները հայրենիքի մէջ չէին ապրեր, մենք ալ որպէս օտար ափերու մէջ ապրող հայեր` պէտք է շարունակենք պայքարը, մինչեւ որ հասնինք մեր նպատակներուն` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման, կորսուած հայրենիքի վերադարձին ու ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտման», ըսած է ան:

Ձեռնարկին ընթացքին Լիբանանի Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամ Լորի Թաշճեանը ներկայացուցած է ուսանողական միութեան խօսքը. «Հայրենիքէն հեռու Լիբանանի հայահոծ թաղերու մէջ ծնած ու մեծցած 5 հայ երիտասարդներ հայրենիքը չտեսած` պիտի նահատակուէին հայրենիքի երազը իրենց սրտերուն մէջ: Այդ օրերուն պայքարի դաշտը արեւմտեան մայրաքաղաքներն էին, թիրախը` թրքական պետութեան ներկայացուցիչները, իսկ նպատակը` քանդել հայ ժողովուրդի դէմ գործուած ցեղասպանութեան շուրջ քաշուած լռութեան պատը: Լիզպոնի գործողութենէն հազիւ 5 տարի անց, 1988 թուականին նոր պոռթկում պիտի լսուէր, այս անգամ` հայրենի հողի արեւելեան կողմէն: Արցախի հերոս ժողովուրդը «Ոչ» պիտի ըսէր տասնամեակներ տեւած անարդարութեան: Լիզպոնի գործողութեան օրինակով զինեալ պայքարը մեծ զոհողութեան գնով պիտի տար իր արդիւնքը»:

ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի երիտասարդական միութեան կողմէ ելոյթ ունեցած է Յակոբ Հաճիբեկեանը, որ ներկայացուցած է Լիզպոնի գործողութեան ազդեցութիւնը հայրենիքէն դուրս ապրող հայերու վրայ: «Լիզպոնի տղաները գիտէին, որ իրենցմէ առաջ շատերը քալած են, եւ յոյս ունէին, որ իրենցմէ յետոյ շատ քալողներ պիտի ըլլան: Մեր Դատը դեռ լուծուած չէ, այսօր մեր հերթն է ծառայելու մեր Դատին, բոլոր միջոցներով ընդարձակել պայքարը», նշած է ան:

Լիզպոն 5-ի 35-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին ներկայ էին` Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանը, ՀՅԴ Արցախի կառոյցի անդամներ, ստեփանակերտցիներ, սփիւռքէն տարբեր ծրագիրներով Արցախ գտնուող հայրենակիցներ, հիւրեր:

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Հանրութեան Պառակտում` «Մեծ Սիրոյ» Փաթեթաւորմամբ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.