«ՌԻԱ Նովոսթի»-ն կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, թէ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները չեն համընկնիր Հայաստանի իշխանութիւններուն այն յայտարարութիւններուն, թէ` իրենք իրենց նախորդները հետապնդելէ հրաժարած են:
«Ռուսիան` իբրեւ Երեւանի դաշնակից, միշտ հետաքրքրուած է հայկական պետութեան կայունութեամբ, ահա թէ ինչո՛ւ հոն տեղի ունեցող իրադարձութիւնները չեն կրնար չանհանգստացնել մեզ, նաեւ` ԱՊՀ տարածքին մէջ գործող կազմակերպութիւններուն հետ բնական կերպով գործակցելու տեսանկիւնէ», ըսած է Լաւրով:
«Վերջին օրերուն մենք քանի մը անգամ մեր անհանգստութիւնը յայտնեցինք Հայաստանի ղեկավարութեան: Կ՛ակնկալենք, որ իրադարձութիւնները, բոլոր պարագաներուն ալ, պիտի ընթանան կառուցողական ուղիով», աւելցուցած է նախարարը:



