Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հազարաւոր Տոլարներ Ծախսուած Են Բրիտանացի Խորհրդարանականներու Ազրպէյճան Այցելութիւնները Ֆինանսաւորելու Համար

August 1, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Թրենսփերընսի Ինթըրնեշընըլ» միջազգային կազմակերպութեան Բրիտանիոյ մասնաճիւղը յայտնաբերած է, որ հազարաւոր տոլարներ ծախսուած են բրիտանացի երեսփոխաններու Ազրպէյճան այցելութիւնները ֆինանսաւորելու համար: Այս մասին կը գրէ բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը` «Փտած վարչակարգերու կողմէ» բրիտանացի երեսփոխաններու հիւրընկալման սովորութեան վերաբերեալ յօդուածին մէջ:

Կազմակերպութեան զեկուցումին համաձայն, աւելի քան 430 հազար տոլար յատկացուած է 2007-2017 թուականներուն Ազրպէյճան այցելելու նպատակով երեսփոխաններու թռիչքներու եւ կեցութեան համար: Բացի ատկէ, 12 երեսփոխանի աւելի քան 110 հազար տոլար վճարուած է` ռուսական պետական պատկերասփիւռի կայանէն հանդէս գալու համար:

«Թրենսփերընսի Ինթըրնեշընըլ-Բրիտանիա»-ի զեկուցումի ուշադրութեան կեդրոնին մէջ յայտնուած են խորհրդարանականները, որոնք ընդունած են փտած եւ բռնաճնշումի քաղաքականութիւն վարող երկիրներու իշխանութիւններու հիւրասիրութիւնը` ատոր դիմաց քաղաքական լոպիինկ կատարելով:

Զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ բազմաթիւ երեսփոխաններ այդ երկիրներ կատարած են այցելութիւններ, որոնց համար ամբողջապէս վճարած են հիւրընկալող երկիրներու իշխանութիւնները:

Զեկուցումի հեղինակները կը նշեն, որ երեսփոխանները ո՛չ միայն գործուն կերպով աջակցած են փտած եւ բռնատիրական իշխանութիւններուն, այլ նաեւ այդ գործելաոճին առնչութեամբ գոյութիւն ունի «անպատժելիութեան մշակոյթ»:

Զեկուցումի հեղինակներէն Սթիւ Կուտրիչ նշած է, որ ասիկա առաջին անգամը չէ, որ կը ներկայացուի օտարերկրեայ իշխանութիւններու կողմէ բրիտանացի խորհրդարանականներու ծիրին մէջ լոպիինկի անպատշաճ վարքագիծը, սակայն այս զեկուցումը ցոյց կու տայ, որ ատիկա համակարգային բնոյթ ձեռք բերած է: Ան յայտնած է, թէ խորհրդարանականներու եւ փտած ու բռնատիրական վարչակարգերու միջեւ այդ տեսակի փոխադարձ գործակցութիւնը կը վնասէ իբրեւ ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան փարոս Բրիտանիոյ համբաւին:

«Թրենսփերընսի Ինթըրնեշընըլ-Բրիտանիա»-ն կոչ ուղղած է հետաքննելու երեսփոխաններու վարքը փտած եւ բռնատիրական իշխանութիւններու օրինականացման գործին մէջ: Բացի ատկէ, կազմակերպութիւնը խորհուրդ տուած է սահմանափակումներ մտցնել երեսփոխաններու` օտար երկիրներու եւ անոնց լոպիինկով զբաղողներու կողմէ ֆինանսաւորուող ուղեւորութիւններու առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ արգիլել երեսփոխաններուն օտար երկիրներուն եւ պետական կառոյցներուն վճարովի կամ կամաւոր ծառայութիւններ տրամադրել:

 

Նախորդը

ՀՅԴ ԶՈՄ. Հանդիպում Աբովեան Համայնքի Ղեկավարին Հետ

Յաջորդը

Թուրքիան Անընդունելի Կը Նկատէ Միացեալ Նահանգներու «Սպառնալիքներու Լեզուն»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.