Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան. «Գերիշխող Դիրքի Չարաշահման Դէպքեր Պէտք Չէ Ունենանք»

July 31, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան մէջ  տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած են տարբեր մարզերու մէջ մենաշնորհային դիրք ունեցող ընկերութիւններու գործունէութեան ընթացքին տեղ գտած չարաշահումներու  կանխարգիլման, արդար եւ բարեխիղճ մրցակցութեան ապահովման  ուղղուած հարցեր:

«Այսօրուան մեր քննարկման նիւթը պիտի ըլլայ այն, ինչ որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ յայտնի է իբրեւ մենաշնորհ, տէ ֆաքթօ, թէ տէ ժուրէ` տուեալ պարագային այնքան ալ էական չէ: Մեր տնտեսական քաղաքականութիւնը հետեւեալն է. «Մենք մտադիր ենք Հայաստանի մէջ  հաստատել ներառող տնտեսական համակարգ: Ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա. ասիկա կը նշանակէ, որ կ՛արձանագրենք իրողութիւն մը, ըստ որուն` մինչեւ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութիւնը Հայաստանի մէջ վարչական որոշումներով իրականացուած է որոշակի տնտեսական գործունէութիւն, տէ ֆաքթօ, թէ տէ ժուրէ` տուեալ պարագային էական չէ, եւ այդ մարզերուն մէջ գործունէութիւն ծաւալելու կարելիութիւնները բաշխուած եղած են սահմանափակ թիւով մարդոց միջեւ:

«Ներառող տնտեսական համակարգ ըսելով մենք նկատի կ՛ունենանք այն, որ նախապէս այդ մարզերուն մէջ ընդգրկուած մարդիկ ոչ թէ պէտք չէ այլեւս կարելիութիւն ունենան տուեալ մարզերուն մէջ ծաւալելու գործունէութիւն, այլ հակառակը` գործունէութեան այն հատուածը, որ անոնց վերապահուած է իշխանական որոշումներով, պէտք է, այսպէս ըսած, ազատականացուի, եւ այդ մարդիկ նոյնպէս ու բոլոր անոնք, որոնք  ցանկութիւն ունին` այդ մարզերուն մէջ գործունէութիւն ծաւալեն:

«Վստահաբար, որ թաւշեայ յեղափոխութեան յաղթանակէն ետք  Հայաստանի մէջ այսպիսի իրավիճակ ստեղծելու համար քաղաքական որեւէ խոչընդոտ գոյութիւն չունի, եւ քաղաքական խոչընդոտները այլեւս վերացած են, ներառող համակարգ ունենալու բոլոր պայմանները ստեղծուած են: Կը կարծեմ` մենք ժամանակ առ ժամանակ պէտք է իրավիճակը դիտարկումի ենթարկենք` հասկնալու համար, թէ  հանրութեան մէջ իբրեւ մենաշնորհուած ոլորտներ յայտնի շրջանակներու մէջ ի՛նչ կը կատարուի, արդեօք այնտեղ տէ ֆաքթօ  իրավիճակի փոփոխութիւն ունի՞նք, թէ՞ ոչ, եւ եթէ չունինք իրավիճակի փոփոխութիւն` ի՞նչ միջոցներ պէտք է ձեռնարկենք, որպէսզի իսկապէս կարենանք ապահովել իրական տնտեսական աճ», վարչապետի աշխատակազմի հաղորդումով, իր ելոյթին ընթացքին ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

Ընդդիմութեան ներկայացուցիչները, նաեւ բազմաթիւ փորձագէտներ, տարիներ շարունակ պնդած են Հայաստանի մէջ տնտեսական մենաշնորհներու «քայքայիչ» ազդեցութեան մասին` յայտարարելով, որ անոր պատճառով երկրին մէջ մեծապէս տուժած է ազատ մրցակցութիւնը, ինչ որ իր կարգին մեծ վնասներ հասցուցած է փոքր եւ միջին պիզնեսին:

 

Նախորդը

Սարըկիւլ Թուրքիոյ Հետ Երկխօսութեան Մասին Փաշինեանի Յայտարարութիւնը Կը Նկատէ «Պատմական Կարելիութիւն»

Յաջորդը

Նախագահի Նստավայրին Մէջ Տեղի Ունեցած Է Հայաստանի Եւ Իտալիոյ Նախագահներու Հանդիպումը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.