Թուրք քաղաքական գործիչ, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամ, Պոլսոյ հայաշատ Շիշլի շրջանի նախկին ղեկավար Մուսթաֆա Սարըկիւլ մեկնաբանած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու երկխօսութիւն կատարելու պատրաստակամութեան մասին յայտարարութիւնը:
Սարըկիւլ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ Փաշինեանի յայտարարութիւնը կոչած է պատմական կարելիութիւն եւ ակնարկած, որ այդ ձեւով Թուրքիան կրնայ միջնորդութիւն ստանձնել արցախեան հիմնախնդիրի լուծման հարցին մէջ:
«Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանը յայտնած է, որ իրենք պատրաստ են Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու: Հայաստանի երկարած ձեռքը դիւանագիտական տեսանկիւնէն պէտք է նկատել պատմական կարելիութիւն», գրած է Սարըկիւլ:
Վարչապետ Փաշինեան յայտարարած էր, որ Հայաստան պատրաստ է առանց նախապայմաններու երկխօսութիւն կատարել Թուրքիոյ հետ: Ան ընդգծած էր, որ Թուրքիան հայ-թրքական յարաբերութիւնները կը կապէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին հետ, եւ տարօրինակ նկատած էր, որ թրքական կողմը Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կը պայմանաւորէ երրորդ երկրի հետ յարաբերութիւններով:
«Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը փակած է Թուրքիան, Հայաստանի կողմէ անիկա կարելի է նկատել ոչ փակ: Մեզի համար շատ կարեւոր է Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, եւ Հայաստան այժմ ցեղասպանութիւններու դէմ պայքարին մէջ յառաջամարտիկներէն մէկն է», ըսած էր ան` աւելցնելով, որ ցեղասպանութեան հարցը մեր երկրին համար ոչ այնքան հայ-թրքական յարաբերութիւններու, որքան ցեղասպանութեան դէմ համաշխարհային պայքարի հարց է: «Մենք պատրաստ ենք Թուրքիոյ հետ հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ` առանց որեւէ նախապայմանի», ընդգծած էր Փաշինեան:



