Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ը Գործեց Ամէնուրեք, Գործեց Բոլորի՛ն Համար, Բոլորի՛ն Հետ

July 28, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի սրահին մէջ կայացած ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութեան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանին արտասանած խօսքը:

100 տարի առաջ, երբ ՀՄԸՄ-ի` Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան հիմնադիրները Պոլսոյ մէջ հիմը կը դնէին հայ իրականութեան մարզական եւ սկաուտական մեծագոյն միութեան, դժուար թէ կարենային երեւակայել, որ 100 տարի ետք իրենց հիմնած միութիւնը անկախ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ 100-ամեակ պիտի տօնէր` հայ քաղաքական, ազգային ու եկեղեցական աւագանիին ներկայութեամբ:

100 տարի առաջ որբերու խնամքով եւ դաստիարակութեամբ զբաղող միութեան հիմնադիրները դժուար թէ երեւակայէին, որ 100 տարի ետք իրենց յաջորդները պիտի զբաղէին որբացած գաղութներով եւ անոնց հայապահպանման կարիքներով:

100 տարի առաջ Պոլսոյ եւ արուարձաններուն մէջ քանի մը մասնաճիւղով գործող այս միութեան հիմնադիրները դժուար թէ երեւակայէին, որ 100 տարի ետք իրենց սիրելի միութիւնը համահայկական իր կառոյցով պիտի գործէր աշխարհի 110 քաղաքներուն մէջ, աւելի քան 25 հազար երկսեռ անդամներով, մարզական եւ սկաուտական ժիր շարքերով:

100 տարին երկար ժամանակ է մարդու մը կեանքին համար, սակայն կա՛րճ, շա՜տ կարճ ժամանակ է ազգային հաւաքականութեան մը համար, սովահար, գաղթական եւ որբացած սերունդներէ միտքով ու մարմնով առողջ, ազգային իրենց ինքնութեամբ հպարտ եւ արժանապատիւ սերունդներ կերտելու համար:

Ու զարմանալի բան չկայ ասոր մէջ, որովհետեւ`

Սովորական միութիւն մը չեղաւ ՀՄԸՄ:

Սովորական պայմաններու մէջ չգործեց ՀՄԸՄ:

ՀՄԸՄ ծնաւ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքին ընդմէջէն:

Իր առաջին քայլերը առաւ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին օրերուն, երբ ազգ ու հայրենիք կը դիմագրաւէին տեսակաւոր մարտահրաւէրներ:

Հազիւ չորս տարեկան` ՀՄԸՄ հեռացա՛ւ, աւելի ճիշդ` հեռացուեցաւ իր հարազատ բնօրրանէն: Դարձաւ սփիւռք եւ ուղիղ 67 տարի գործեց առանց հայրենի հողի` սփիւռքեան իր կեդրոններէն իւրաքանչիւրը վերածելով հայրենի հողի մէկական կտորի:

ՀՄԸՄ գործեց առանց պետական հովանիի: Ընդհակառակն, պատահեցաւ, որ ան հալածուեցաւ, մերժուեցաւ եւ դատապարտուեցաւ կարմիր պատմուճան հագած իր հարազատ երկրի պետական վարիչներուն կողմէ: Ան հալածուեցաւ նաեւ Հայաստանէն դուրս, երբ Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն նոյն կարմիրները փակեցին Արեւելեան Եւրոպայի` Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ իր 19 մասնաճիւղերը, տասնեակներով ձերբակալութիւններ կատարեցին, հաւատաւորները Սիպերիա աքսորեցին եւ մինչեւ նահատակութեան դափնեպսակին արժանացուցին զանոնք:

ՀՄԸՄ ծանր գին վճարեց ազատ ու անկախ հայրենիքի գաղափարակիրը ըլլալուն համար:

Սփիւռքի մէջ ան երբեք դիւրին պայմաններու մէջ չգործեց:

ՀՄԸՄ մարզախաղեր կիրարկեց` առանց մարզադաշտ ունենալու:

ՀՄԸՄ սկաուտութիւն կազմակերպեց` առանց անհրաժեշտ յարմարութիւններ ունենալու:

Բայց ՀՄԸՄ  գործեց եւ շա՛տ լաւ գործեց, որովհետեւ կամաւոր բանակի սկզբունքով, անոր անդամներէն իւրաքանչիւրը իր միտքն ու բազուկը ի սպաս դրաւ հաւաքականին, ազգին ու հայրենիքին:

ՀՄԸՄ գործեց, մեծցաւ, ուռճացաւ եւ հզօրացաւ` բացառաբար ապաւինելով իր  անդամներու կամաւոր աշխատանքի գիտակցութեան, պատրաստակամութեան եւ զոհողութեան ոգիին:

Այսպէս է, որ քանի մը մասնաճիւղերը դարձան քանի մը տասնեակ մասնաճիւղեր: Մասնաճիւղերը վերածուեցան շրջաններու, շրջանները` համագաղութային կառոյցի, իսկ համագաղութային կառոյցն ալ` համահայկական կազմակերպութեան, որ այսօր իր հովանիին տակ կը համախմբէ աշխարհի 26 շրջաններէ 110 մասնաճիւղեր եւ միաւորներ:

ՀՄԸՄ գործեց ամէնուրեք: Գործեց բոլորի՛ն համար: Բոլորի՛ն հետ:

Ճիշդ է, որ ՀՄԸՄ 67 տարի գործեց հայրենիքէն դուրս, բայց երբեք` առանց հայրենիքի:

Ու երբ պահը հասաւ, 67 տարուան վտարանդիութենէ ետք, ՀՄԸՄ վերադարձաւ հայրենիք` աշխարհասփիւռ իր անդամները կապելով կեդրոնին, արմատի՛ն, ուրկէ անոնք կը ստանան իրենց գոյատեւման շունչն ու աւիշը:

ՀՄԸՄ հայրենիք վերադարձաւ 1989-ին, երբ տակաւին Հայաստան չէր անկախացած: Ան գործեց տագնապալի պայմաններու մէջ: Գործեց ղարաբաղեան պատերազմի, տնտեսական շրջափակման եւ քաղաքական ամէնէն աննպաստ պայմաններու մէջ` բաժնեկցելով իր հարազատ ժողովուրդին դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները:

Դժուարութիւնները, սակայն, փորձառութիւն ներշնչեցին ՀՄԸՄ-ին, փորձառութիւնը` տոկունութիւն եւ յաւելեալ իմաստութիւն: Այսպէս, ՀՄԸՄ ունեցաւ ղարաբաղեան պատերազմի իր նահատակները, մասնակից դարձաւ նոր Հայաստանի կերտման ճիգերուն: Կրթեց ու դաստիարակեց սերունդներ` անոնցմէ պատրաստելով օրինապահ քաղաքացիներ եւ հայրենիքի զինուորեալներ:

ՀՄԸՄ գործեց անաղմուկ: Գործեց խոր հաւատքով եւ աննկուն կամքով` իրեն գերագոյն արժէք ունենալով պետականութիւնը, գերիշխանութիւնը, ընկերային արդարութիւնը եւ ազգային պահանջատիրութիւնը:

ՀՄԸՄ գործեց իբրեւ Հայաստանի ազգային սկաուտական կազմակերպութիւն, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ, որ Հայաստանի արժանաւոր ներկայացուցիչը եղաւ Համաշխարհային սկաուտական շարժումի բիւրոյին մէջ` միաժամանակ հիմնադիր եւ գործադիր անդամ ըլլալով սկաուտական եւրասիական բաժանմունքին:

ՀՄԸՄ գործեց Բիւրականի ու Երեւանի իր սեփական բանակավայրերով, մայրաքաղաքի եռայարկ կեդրոնով եւ շրջաններու իր գրասենեակներով:

Հայրենիքը կիզակէտը հանդիսացաւ ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան: Կիզակէտին շուրջ հիւսուեցաւ անտեսանելի թելերով իրարու կապուած գործունէութիւն մը, որ իրարու կապեց` Պուենոս Այրեսն ու Քուէյթը, Մոսկուան եւ Պէյրութը, Միւնիխն ու Հալէպը, Կլենտէյլն ու Մոնրէալը, Սիտնին եւ Գահիրէն: Թելերու շարքը կարելի է երկարել եւ թուել բազմատասնեակ այլ քաղաքներ եւս, ուր մարմնակրթական այս միութիւնը 100 տարիէ լծուած է մարդակերտման եւ հայակերտման վեհ աշխատանքի` կարելի բոլոր միջոցներով ու անկարելիութեան սահմանները հասնող, աներեւակայելի եռանդով, խանդով ու կամքով:

Այսօր ադամանդեայ յոբելեանի տօնակատարութեան պահն է:

Պահն է յիշելու եւ խոնարհելու յիշատակին դիմաց բոլոր այն ՀՄԸՄ-ականներուն, որոնք անցնող մէկ դարուն եկան ու անցան այս միութենէն` իրենց հետքն ու դրոշմը ձգելով անպայման:

Պահն է յիշելու եւ խոնարհելու յիշատակին դիմաց այն բոլոր հաւատաւորներուն, որոնք անցնող 100 տարիներուն այս աշխարհէն մեկնեցան ազատ մարդու եւ անկախ հայրենիքի երազը իրենց աչքերուն:

Պահն է յիշելու եւ խոնարհելու դիմացը այն կակուղ թաթիկին, մեր այսօրուան նորահաս սկաուտին, որ այսօր ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ իր առաջին թոթովանքին հետ կը սորվի ազգի ծառայութիւն եւ հայրենիքի հաւատարմութիւն:

Պահն է, վերջապէս, յիշելու եւ խոնարհելու դիմացը այն մարզիկին ու մարզիկուհիին, որոնք իրենց յաղթանակներով ազգային խանդավառութիւն եւ հպարտութիւն կը ներշնչեն օրէ օր հայութենէ պարպուող հայ մարդոց:

Ապրի՛ք, տղաք ու աղջիկներ:

Ապրի՛ք եւ ձեզմո՛վ ապրի ՀՄԸՄ-ը, 100-ամեայ վաստակով, բայց միշտ երիտասարդ ու կայտառ կազմակերպութեամբ, միշտ աշխուժ եւ նորարար իր շարքերով:

100-ամեակի յոբելեանն է այսօր: Եզրափակիչ հանդիսութիւնը` դարադարձի տօնակատարութիւններուն, որոնք կը վայելեն Հայաստանի նախագահին նախագահութիւնը եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն հովանաւորութիւնը: Շնորհակալութիւն` նախագահութեան եւ հովանաւորութեան համար, որոնք անգամ մը եւս կը հաստատեն ազգին աջակցութիւնը այս միութեան` ազգապետերու յիշատակելի այս քայլով:

Շնորհակալութիւն` հայրենի պետութեան` յանձինս այս տօնակատարութեան ներկայ պետական այրերուն, որոնք իրենց անվերապահ զօրակցութեամբ սատար հանդիսացան 100-ամեակի ձեռնարկներուն, պետական յանձնաժողով ստեղծեցին, գերատեսչութիւններ աշխատանքի լծեցին եւ անցնող ամիսներուն մեր սերտ գործակիցները եղան:

Շնորհակալութիւն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին, որ իբրեւ հոգատար հայր, ամէնուրեք նեցուկ կը կանգնի երիտասարդական այս մեծ կազմակերպութեան, ջատագովը ըլլալով անոր ազգային նպատակներուն եւ միութենական արժէքներուն:

Վերջապէս, շնորհակալութիւն` ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններու կազմակերպիչ բոլոր մարմիններուն, յատկապէս` ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան, միութեան շրջանային եւ մեկուսի բոլոր վարչութիւններուն, որոնք ճիգ չխնայեցին ծրագրուած ձեռնարկներու յաջողութեան համար:

Շնորհակալութեան խօսքերէն անդին, շնորհաւորութեան խօսք`  միութեան 26 հազար անդամներուն, որոնք առիթն ու բախտը ունեցան միութեան 100-ամեակին ժամանակակիցները ըլլալու, տօնակատարութիւններուն մասնակից դառնալու եւ իրենց հաւաքական կամքին զօրութեամբ անգամ մը եւս հաստատելու 100 տարի առաջ Հայաստանի լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանի այն բնորոշումը, թէ`

«Մեծ է դերը ՀՄԸՄ-ին: Այդ դերը լաւ ըմբռնելու համար անհրաժեշտ է ազգային բարձր գիտակցութիւն, այսինքն` մեր ուժերուն, մեր արժէքին, մեր ընթացքին եւ նպատակին պայծառ ըմբռնում: Յարգանքը, պատկառանքը եւ տեղը այս աշխարհի մէջ ուժով կը ստացուի, կը պարտադրուի եւ կը ներշնչուի: Իսկ ուժեղ են առոյգը, առողջն ու կորովին»:

ՀՄԸՄ-ը, յարգելի՛ ներկաներ, առոյգ, առողջ ու կորովի հայութիւն պատրաստող այդ միութիւնն է:

ՀՄԸՄ-ը մեր ուժին աղբիւրն է: Մեր յաջողութեան գրաւականներէն մէկն է, որուն պէտք է գուրգուրալ ազգովին:

100-ամեակի իր նշանաբանին հաւատարիմ, այսօր, աւելի քան երբեք, ՀՄԸՄ պատուաբեր անցեալէն կ՛ուղղուի յաղթական ապագայ:

Մենք լաւատես ենք ապագայով ու ապագայի մեր յաղթանակներով: Ու մեր լաւատեսութիւնը բարի ցանկութիւններէ չի բխիր միայն, այլ` մեր աշխատանքէն, կամքէն եւ համոզումէն, միշտ երիտասարդութեան ի սպաս գործելու մեր տրամադրութենէն, հայութեան եւ Հայաստանին անմնացորդ ծառայելու մեր երդումէն:

Չմոռնանք, որ մեր ժողովուրդը ՀՄԸՄ-ին տուած է «Կամաւոր բանակ»-ի կոչում եւ պարտականութիւն:

Այդ կոչումն ու պարտականութիւնը կը թելադրեն այսուհետեւ ըլլալ աւելի զգօն ու պատրաստ` դիմագրաւելու մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին սպառնացող բոլոր տեսակի մարտահրաւէրները: Ի վերջոյ, մեր կեանքը, հայրենիք թէ սփիւռք, հայապահպանութեան համար մղուող մէկ մեծ պատերազմ է: ՀՄԸՄ-ը կամաւոր այն բանակն է, որ այդ մեծ պատերազմը, փոքր-փոքր կռիւներով, մասնաճիւղ առ մասնաճիւղ կը մղէ երկիրէ երկիր, շրջանէ շրջան: Ի՜նչ փոյթ, որ ան տեղ-տեղ կռիւը կը կորսնցնէ: Կարեւորը մեծ պատերազմը չկորսնցնելն է: Կարեւորը հայապահպանութեան զրահները գետին չդնելն է:

Այլապէս, ՀՄԸՄ-ը յաղթանակներու միութիւնն է:

Փա՜ռք 100-ամեայ ՀՄԸՄ-ին:

Բի՜ւր յարգանք ՀՄԸՄ-ի պատուաբեր անցեալը կերտած անցեալի հաւատաւորներուն:

Պատի՜ւ այսօր պատնէշի վրայ կանգնած սերունդին, որ 100-ամեակի ջահը ձեռքին` կը խոստանայ զայն առաջնորդել դէպի յաղթական ապագայ, դէպի մեր ժողովուրդի անկատար բոլոր իղձերու իրականացում:

Դէպի միացեա՛լ հայութեամբ,

Միացեա՛լ, արդար ու հզօ՛ր Հայաստան:

 

24 յուլիս 2018

Նախորդը

ՀՅԴ Գաղափարական Առաջադրանքները Ժողովրդային Դարձնողը ՀՄԸՄ-ն Է

Յաջորդը

«Մենք ՀՄԸՄ Ենք Ստեղծել Ոչ Թէ Մեզ, Այլ Հայ Ժողովրդի Համար». Հրանդ Մարգարեան

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.