Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երիտասարդական Ջահերթ` Լիզպոնի Հինգ Հերոսներու Յիշատակին

July 27, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, երէկ` հինգշաբթի, 26 յուլիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հարիւրաւոր պատանիներ եւ երիտասարդներ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին առջեւէն ջահերթով ուղղուեցան դէպի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու 35 տարիներ առաջ իրենց կեանքը հայութեան եւ Հայ դատին մատաղ ըրած Արային, Սիմոնին, Սագոյին, Սեդրակին եւ Վաչէին:

Հասնելով գերեզմանատուն, ներկաները մոմերով ու ծաղիկներով ուղղուեցան հինգ հերոսներուն դամբարանը, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:

ԼԵՄ-ի անունով ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք միութեան խօսքը արտասանեց Նանոր Պալապանեան,  որ հաստատեց, թէ 35 տարիներ առաջ գերագոյն զոհաբերութեամբ պսակուած, իր ոճով եզակի այս անձնուէր գործողութեամբ Հայ դատը համայն աշխարհին աւելի ճանաչելի դարձաւ, երբ Լիզպոնի 5 մարտիկները դէպի իմացեալ մահ  քալեցին անտրտունջ, ազգին համար փաստելով, որ հայը տէրն է իր իրաւունքներուն, հայը պայքարող է եւ յանձնուիլ  չի գիտեր, այլ ամուր կառչած է իր նպատակներուն եւ ոչինչ կը խնայէ իր արդարացի իրաւունքներուն տիրանալու համար:

«Լիզպոնի հինգ տղաքը քաջ գիտէին, թէ կ՛ուղղուէին դէպի մահ: Գիտէին անկասկած, որ ալ վերադարձ չկար, կար ողջակիզում, որուն ընդմէջէն անոնք կը տեսնէին բազմաչարչար հայ ազգին իղձերը, ազատութեան կարօտ  հայրենիքը եւ հայոց սրբազան դատը: Անոնք քաջ էին եւ խրոխտ, բայց գերազանցապէս համեստ», ըսաւ Ն. Պալապանեան` շեշտելով, որ տղաքը անտեսեցին կեանքի ամէն տեսակի հաճոյք եւ հաստատ քայլերով  ուղղուեցան հոն, ուր թէեւ վերջ պիտի գտնէր իրենց կեանքը, սակայն պիտի ծագէր նոր արշալոյս մը, սկիզբ պիտի առնէր նոր փուլ մը, պիտի բացուէր պայքարի նոր էջ մը:

Նանոր Պալապանեան ապա անդրադարձաւ մերօրեայ իրականութեան` հարց տալով, որ այսօր երիտասարդութիւնը արժանի՞ է հինգ հերոսներուն յաջորդը կոչուելու:  Ըստ անոր, մենք ծնած ենք հայ եւ մեր պարտքն է հետապնդել  Հայ դատը, ունինք հաւաքական պարտականութիւն` ապրելու եւ գործելու հայօրէ՛ն, բայց եւ այնպէս այսօր մեր մէջ սկսած են բոյն դնել անտարբերութիւնն ու յուսահատութիւնը, կամ լաւագոյն պարագային մերօրեայ կեանքի մակերեսային համակերպութեան պարտաւորութիւնները:

«Զգուշ պէտք է ըլլանք, մենք մեզ պարտական պէտք է զգանք շարունակելու Լիզպոնի հինգին  սկսած սուրբ գործը. անոնց առաքինի, վեհ եւ համեստութեամբ համակուած խիզախ գործողութիւնը մեզի օրինակ թող դառնայ: Ըլլանք նուիրուած եւ աննկուն կամքի տէր երիտասարդներ, ըլլանք անոնց պէս գործնապաշտ եւ հեռու աժան խօսքի  մշակոյթէ, սկզբունքներու տէր եւ վեհանձն անհատներ: Ծառայենք մեր ազգին, պաշտպանենք մեր դատը` հեռանալով ամէն տեսակի սայթաքումէ: Լաւ գիտնանք, թէ թուրքը չէ դադրած մեր թշնամին ըլլալէ, եւ այսօր մեզ կը փորձէ հարուածել տարբեր ձեւերով: Քաջ  գիտնանք, թէ թուլութիւնն ու տկարութիւնը մեզ կը տանին դէպի ձուլում, եւ այդպիսով աննպատակ մսխած  կ՛ըլլանք Լիզպոնի հինգ տղոց սուրբ կտակն ու շեղած անոնց գծած նպատակային ուղիէն», եզրափակեց ան:

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Դրոշմաթուղթի Հրապարակում Եւ Պատմութեան Նուիրուած Գիտաժողով` Երեւանի Մէջ

Յաջորդը

Համաչափութեան Թերի Սկզբունքը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.