Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեան. «Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Իր Կատարած Խիստ Յայտարարութիւններով Ճիշդ Ըրած Էր»

July 26, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուած է Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք ֆրանսախօս պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու 17-րդ վեհաժողովի նախապատրաստութեան եւ կայացման գծով տարուած աշխատանքներուն ընթացքը:

Կարեւոր նկատելով այս վեհաժողովին լաւապէս կազմակերպումը` վարչապետը յիշեցուցած է, որ բարձր` նախագահական մակարդակի հիւրեր պիտի գան, անոնց հանգստութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովելը շատ անհրաժեշտ է: «Հայաստանի պատմութեան մէջ ամէնէն ծաւալուն այս նախաձեռնութեան պատշաճ կազմակերպումը մեր երկրի հեղինակութեան եւ պատիւի հարցն է, նոյնիսկ պատճառաբանուած թերացումները անընդունելի են, ու մենք պէտք է կարենանք ժողովը կազմակերպել բարձր մակարդակով», նշած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գլխաւորութեամբ ստեղծուած աշխատանքային խումբի անդամները վարչապետին զեկուցած են ենթակառուցուածքներու ապահովման եւ շարք մը թեքնիք խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն մասին եւ նշած, որ  ամէն ինչ կը կատարուի ծրագրուածին համաձայն:

Երկօրեայ վեհաժողովէն երեք օր առաջ տեղի պիտի ունենայ արտաքին գործոց նախարարներու համաժողով. այս ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ տնտեսական գործարար ֆորում` ֆրանսախօս երկիրներու ընկերութիւններու եւ ձեռնարկութիւններու լայն ներկայացուածութեամբ:

Միւս կողմէ, լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Փաշինեան անդրադարձած է քանի մը օր առաջ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի կատարած խիստ յայտարարութիւններուն` հաստատելով, որ ան ճիշդ ըրած էր:

Նշենք, որ Տօնոյեան ըսած էր, որ` «ապրիլեան սադրանքի կրկնութեան պարագային հայկական կողմը կրնայ զերծ չմնալ իր զինանոցին մէջ առկայ զինատեսակներու կիրարկման գայթակղութենէն»:

Վարչապետը նշած է, որ նախարար Տօնոյեանին աշխատանքն է ո՛չ միայն նման յայտարարութիւն կատարելը, այլ անհրաժեշտութեան պարագային ըսածը կիրարկելը: Ան անգամ մը եւս շեշտած է, որ հայկական կողմը իրավիճակին համարժէք պիտի գործէ: «Մենք կարեւոր կը նկատենք Արցախի ներգրաւումը բանակցային գործընթացին մէջ: Ես ըսած եմ, որ կրնամ բանակցիլ Հայաստանի Հանրապետութեան անունով, բայց չեմ կրնար բանակցիլ Արցախի Հանրապետութեան անունով, որովհետեւ Արցախը ունի ատոր համար ընտրուած պաշտօնեաներ եւ կառոյցներ: Մենք պատրաստ ենք բանակցութիւններուն եւ նուիրուած ենք հարցը խաղաղ ուղիով լուծելու ջանքերուն, այստեղ երկու կարծիք չի կրնար ըլլալ: Մենք կը կարծենք, թէ խաղաղ, բանակցային ուղիով տագնապի լուծումը կարեւոր է ու կարելի, բայց կ՛ըսենք նաեւ, որ ատոր համար անհրաժեշտ է համապատասխան մթնոլորտ: Ցաւօք, Ազրպէյճան իր գործողութիւններով եւ իր հռետորաբանութեամբ կը խաթարէ խաղաղութեան մթնոլորտը եւ կարելիութիւնը, ու մենք համարժէք պիտի ըլլանք իրավիճակին», յայտարարած է Փաշինեան:

 

 

Նախորդը

Արցախի Պետական Նախարարը Ընդունած Է Այնճարի Քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանը

Յաջորդը

Խմբագրական. Լիզպոնէն 5, 8 Եւ 35 Տարի Ետք (Լիզպոնի Գործողութեան 35-ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.