Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ. «Նախագահ Աունի Հետ Տարակարծութիւն Եզրը Գոյութիւն Չունի Ո՛չ Իմ, Ո՛չ Ալ Անոր Բառարանին Մէջ» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

July 26, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին  Պաապտայի մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի շեշտեց, որ նախագահ Աունի հետ տարակարծութիւն եզրը գոյութիւն չունի ո՛չ իր, ո՛չ ալ հանրապետութեան նախագահին բառարանին մէջ:

Ան հաստատեց, որ ինք աւելի քան երբեք լաւատես է` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող կարգ մը խոչընդոտներ լուծուած են, որուն լոյսին տակ իրենք համաձայնութիւն գոյացուցած են արագացնելու կառավարութեան կազմութեան ջանքերը: «Կառավարութեան կազմութեան աշխատանքն ու խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են, եւ յառաջիկայ օրերուն յաճախ պիտի այցելեմ նախագահ Աունին», ըսաւ Հարիրի:

Վարչապետ Հարիրի անդրադարձաւ այսօր Լիբանան հասնելիք ռուսական պատուիրակութեան` յայտնելով, որ նախագահ Աունի հետ համաձայնած է, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին մասին միակարծիք ներկայանան:

Ան մաղթեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն վերադարձը ըլլայ ապահով` աւելցնելով, որ ռուսական պատուիրակութեան հետ քննարկումը պիտի կեդրոնանայ տեղահանուածներու անվտանգ տունդարձին շուրջ:

Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ սուրիական վարչակարգին մասին իր կարծիքը չէ փոխուած, սակայն սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին հարցը ուղղակիօրէն կապուած է մեծ պետութիւններուն հետ, որոնք այդ իմաստով որոշած են գործակցիլ:

Վարչապետ Հարիրի ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակին մասին իր եւ նախագահ Աունի կարծիքը մէկ է` հաստատելով իր զօրակցութիւնը բանակին կատարած բոլոր գործողութիւններուն: Ան նշեց, որ Պեքաան եւ Աքքարը մոռցուած շրջաններ են, եւ այդ շրջաններուն մէջ խնդիրները միայն զինուորական լուծման չեն կարօտիր, այլեւ` բարգաւաճման:

«Պրիթելի բնակիչները փառք ու արժանապատուութիւն ունին, եւ պէտք է կեդրոնանալ այդ շրջանին մէջ իրագործուելիք բարգաւաճման ծրագիրներուն վրայ, որովհետեւ այդ շրջանը այս վիճակին հասած է անոր կարիքներուն անտեսումին պատճառով», եզրափակեց վարչապետ Հարիրի:

Նախորդը

Ցամաքային Փոխադրութեան Սենտիքաներու Համադաշնակցութիւնը Կատարեց Գործադուլ Եւ Բողոքի Ցոյց

Յաջորդը

Հայաստան-Թուրքիա Սահմանին Վրայ Ձերբակալուած Է Աֆղան Յանցագործներու Խումբ Մը

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.