Ռուսիոյ անվտանգութեան ծառայութեան Հայաստանի մէջ ծառայող սահմանապահ զօրքերը Հայաստան-Թուրքիա սահմանին վրայ ձերբակալած են սահմանը խախտած 5 անձեր: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնած են Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան Սահմանապահ վարչութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Յանցագործ խմբաւորումը փորձած է ապօրինի ճամբով մուտք գործել Հայաստան: Որոնողական քայլերու շնորհիւ բացայայտուած է, որ ձերբակալուած անձերը Աֆղանիստանի քաղաքացիներ են:
Սահմանը խախտած անձերը յանձնուած են Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն: Այժմ աշխատանք կը տարուի պարզելու միջադէպին մանրամասնութիւնները:



