Սպանացի ֆութպոլիստներ Անտրես Ինիեսթա եւ Փեռնանտօ Թորես նախորդ շաբաթավերջին իրենց նորամուտը նշեցին Ճափոնի ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ:
Պարսելոնայէն Վիսել Քոպէ տեղափոխուած Ինիեսթա պարտութեամբ սկսաւ իր նորամուտը Շոնան Պելմարէի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, երբ անոր կազմը 3-0 արդիւնքով պարտուեցաւ:
Ան դաշտ ներկայացաւ Բ. կիսախաղին, երբ մրցումը կ՛ընթանար 2-0 արդիւնքով:
Իսկ Աթլեթիքօ Մատրիտէն Սական Թոսուու տեղափոխուած Թորես իր կարգին պարտութեամբ սկսաւ իր նոր ասպարէզը, երբ անոր կազմը 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Վեկալտ Սենտայէն: Ան դաշտ ներկայացաւ 50-րդ վայրկեանին:



