Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Չելսիի նախկին յետսապահ Ճոն Թերի հերքեց իր մասին շրջան ընող լուրերը, ըստ որոնց, ինք պիտի աւարտէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, 37 տարեկան ֆութպոլիստը, որ Ասթոն Վիլայէն հեռանալէն ետք ունեցաւ ազատ մարզիկի կարգավիճակ, կը պատրաստուի վերջակէտ մը դնելու իր ասպարէզին եւ «Սքայ Սփորթց» ընկերութեան մէջ աշխատանքի մը սկսելու:
Ան ըսաւ, թէ ներկայիս իր ընտանիքին հետ ամառնային արձակուրդ մը կ՛անցընէ: Արձակուրդէն վերադարձին պիտի յայտարարէ, թէ ո՛ր խումբին հետ ելոյթ պիտի ունենայ:



