Վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին ռուսական հարցերով իր խորհրդական Ժորժ Շաապանէն պահանջեց Ռուսիոյ պետական պաշտօնատարներուն յայտնել, թէ ինք կ՛ողջունէ Լիբանան եւ Յորդանան ապաստանած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին մասին Մոսկուայի ծրագիրը:
Շաապան այս նպատակով հանդիպում մը ունեցաւ Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանովի հետ, որմէ իմացաւ սուրիացի տեղահանուածները իրենց բնակարանները փոխադրելու ռուսական ծրագիրին մանրամասնութիւններուն մասին:
Շաապան Պոկտանովի փոխանցեց Հարիրիի ողջոյնները ռուսական ճիգերուն համար` աւելցնելով, որ վարչապետ Հարիրի մեծապէս կը գնահատէ Ռուսիոյ ունեցած ներդրումը` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին գծով, որովհետեւ անոնց տունդարձով վերջ կը գտնեն անոնց մարդկային տանջանքները, ինչպէս նաեւ կը մեղմանան Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային կացութեան վրայ անոնց ունեցած վտանգաւոր հետեւանքները:
Կը նախատեսուի, որ ռուս պատասխանատուներ լիբանանեան պաշտօնական մարմիններուն հետ գործակցին եւ համադրեն Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի աշխատանքները:



