ԱՒՕ ԳԱԹԸՐՃԵԱՆ
Արտաշէս Աբեղեան
Արտաշէս Աբեղեան` բանասէր, պատմաբան, դոկտ. փիլիսոփայութեան, մանկավարժ, հասարակական-քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ: Մանուկ Աբեղեանի եղբօրորդին:
Ծնած է 1 յունուար 1878 թուականին, Աստապատ (Նախիջեւանի գաւառ): Տարրական կրթութիւնը ստացած է հայրենի գիւղի ծխական դպրոցին մէջ (մինչեւ 1887), աւարտած է Շուշիի թեմական (1890), Թիֆլիսի Ներսիսեան (1895) դպրոցները, Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը (1899): Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Գերմանիոյ Մարպուրկի, Պերլինի, Լայփցիկի համալսարաններուն մէջ (1899-1904):
Անդամակցած է կովկասահայ շարք մը հանրային կազմակերպութիւններու եւ ընկերութիւններու վարչական մարմիններուն: Խմբագրութեան անդամ եղած է «Նոր Դպրոց» մանկավարժական ամսագրին (1908-1913), Թիֆլիս:
1919 թուականին ուսուցչութեան պաշտօն վարած է Թիֆլիսի Ներսիսեան եւ Յովնանեան դպրոցներուն մէջ:
1919-1920 թուականներուն եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, ուր կարեւոր ներդրում ունեցած է նորանկախ երկրի բարգաւաճման: Աշխատակցած է տեղւոյն «Յառաջ» թերթին:
1921-1922 թուականներուն Կ. Պոլիս, ուսուցիչ եղած է Էսայեան վարժարանին, աշխատակցած է «ճակատամարտ» թերթին:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք եղած է քաղաքական վտարանդի: Բնակութիւն հաստատած է Գերմանիա, եղած է Պերլինի (1922-1945), ապա Միւնիխի համալսարաններու արեւելեան լեզուներու հիմնարկներու հայագիտական ամպիոններու հիմնադիր եւ փրոֆեսէօր:
Բ. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ գլխաւորած է 1942 թուականին Պերլինի մէջ ստեղծուած Հայ ազգային խորհուրդը, որուն նպատակն էր Գերմանիոյ օգնութեամբ Հայաստանի ազատագրումը պոլշեւիկեան լուծէն ու ռուսական տիրապետութենէն, Հայաստանի քաղաքական ինքնավարութեան վերականգնումը:
Աբեղեան անդամ էր Գերմանիոյ Գրողներու միութեան եւ փոխնախագահ Հայեւգերման միութեան: Աշխատակցած է գերման մամուլի, ինչպէս նաեւ արտասահմանի հայ թերթերու եւ հանդէսներու` «Հայրենիք» (օրաթերթ եւ ամսագիր, Պոսթըն), «Յուսաբեր» (Գահիրէ), «Յառաջ» (Փարիզ), «Վէմ» հանդէս (Փարիզ) եւ այլն: Ստորագրած է բազմաթիւ յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ` նուիրուած հայ կեանքին եւ մշակոյթին, պատմաբանասիրական աշխատութիւններ, ուսումնասիրութիւններ, թարգմանած է գիրքեր, կազմած է դասագիրքեր, բառարաններ եւ այլ գիտական, ուսումնասիրական եւ բանասիրական աշխատութիւններ:
Արտաշէս Աբեղեան կը մահանայ 13 մարտ 1955-ին, Միւնիխ:
Մարտիրոս Աբրահամեան
Մարտիրոս Աբրահամեան (Բաշգեառնեցի)` ֆետայի, խմբապետ, ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Մարտիրոս ծնած է 1886-ին, Երեւան գաւառի Բաշ Գեառնի (ներկայիս Գառնի) գիւղը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղի դպրոցին մէջ:
1904-ին անդամակցած է Գայլ Վահանի (Մինաս Տոլպաշեան) «Մասիս» ֆետայական խումբին: 1905-1906 թուականներուն հայ-թաթարական ընդհարումներու ժամանակ եղած է ինքնապաշտպանական ջոկատի հրամանատար, գործած է Կոտայքի մէջ, ապա, Դրոյի հրամանատարութեամբ, մասնակցած է Սիսիանի եւ Գողթնի պաշտպանութեան: 1908-ին անցած է Պարսկաստան, մասնակցած` պարսկական յեղափոխութեան, որմէ ետք ցարական իշխանութիւններու կողմէ ձերբակալուած եւ 1909-1911 թուականներուն բանտարկուած է Երեւանի, ապա Նովոչերքասքի բանտերուն մէջ:
Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն (1914-1916 օգոստոսին) Դրոյի կամաւորական 2-րդ գունդի կազմին մէջ եղած է հարիւրեակի հրամանատար:
1918-ին իբրեւ հեծեալ զօրախումբի հրամանատար` մասնակցած է Բաշ Ապարանի ճակատամարտին, աչքի ինկած է խիզախութեամբ: 1920-ին թուրք-հայկական պատերազմի օրերուն պաշտպանած է ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող Մարգարայի կամուրջը: 1920-ին դեկտեմբերին գործած է Զանգեզուրի մէջ, 1921-ին ղեկավար մասնակցութիւն ունեցած է Փետրուարեան ապստամբութեան, Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի ստեղծումին: Անոր զօրամասը ազատագրած է Քանաքեռն ու Երեւանը, գրոհած է բանտին վրայ եւ ազատած` քաղաքական ու ռազմական շատ մը գործիչներ:
1921-ին դարձած է վտարանդի եւ ապրած` Թեհրանի մէջ:
Բաշգեառնեցի Մարտիրոս կը մահանայ 1957-ին, Թեհրան:
1990-ին Մարտիրոս Աբրահամեանին աճիւնը Թեհրանէն տեղափոխուած եւ ամփոփուած է Գառնի գիւղին մէջ:
Յարութիւն Աբրահամեան (Չոլօ)
Չոլօ, բուն անունը` Յարութիւն Աբրահամեան: Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ֆետայի, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Ծնած է 1878-ին, Սասուն գաւառի Շէնիկ գիւղը:
1898-ին գործած է Սպաղանաց Մակարի ֆետայական խումբին մէջ, մասնակցած է 1899-ին Սպաղանքի, 1904-ին եւ 1915-ին Սասունի ինքնապաշտպանական մարտերուն: 1916-ին, երբ ռուսական զօրքերը գրաւած են Մուշը, կամաւորական ջոկատի կազմին մէջ կռուած է Մշոյ դաշտի, Խնուսի եւ Ալաշկերտի մէջ:
1918-ի մայիսեան անկախութեան գոյամարտին աչքի ինկած է Թալինի բերդի գրաւման ժամանակ: 1921-ին հակապոլշեւիկեան փետրուարեան ապստամբութեան օրերուն եղած է դէպի Էջմիածին շարժուող զինուած ուժերու կազմին մէջ, այնուհետեւ անցած է Զանգեզուր, այնտեղէն` Պարսկաստան, Սուրիա, Յունաստան:
Չոլօ 1927-ին Հայաստան վերադարձած է եւ բնակութիւն հաստատած` Թալինի շրջանին մէջ: Ստեղծած է իր նոր կեանքի պայմանները, բայց` միշտ հանդիպելով պոլշեւիկեան հալածանքին:
Չոլօ բանտարկուած է, եւ որոշ տեղեկութիւններու համաձայն, 1937-ին մահացած է բանտին մէջ:
Լեւոն Ադունց
Լեւոն Ադունց` հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ֆետայի-զինուոր: Ծնած է 1895-ին, Զանգեզուրի Գորիս քաղաքը:
Զինուորական ծառայութեան մուտք գործած է 1916-ին: Մասնակցած է Ա. Աշխարհամարտին, կովկասեան ռազմաճակատի վրայ:
1918-ին Սարդարապատի ճակատամարտին մասնակցած է 5-րդ գունդի կազմին մէջ: Պարգեւատրուած է Գէորգիեւեան 2-րդ, 3-րդ եւ 4-րդ աստիճանի խաչերով:
Լեւոն Ադունց մահացած է 1987-ին:
Աւետիս Ահարոնեան
Աւետիս Ահարոնեան` գրող, հասարակական-քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Ծնած է 4 յունուար 1866-ին, Իգտիր (Ցոլակերտ) աւանին մօտ, Մասիսի ստորոտը, Երասխ գետի աջ ափին Իգտիր-Մաւա գիւղը: Ահարոնեան 1886-ին աւարտած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, 1901-ին` Լոզանի համալսարանը եւ Սորպոնի համալսարանի գրականութեան դասընթացները: Դեռ ուսանելու տարիներուն ծաւալած է հայանպաստ գործունէութիւն. Հայկական հարցը ներկայացուցած է եւրոպական գործիչներուն: 1907-ին Լա Հէյի խաղաղութեան խորհրդաժողովին, ըլլալով հայկական պատուիրակութեան անդամ, հանդէս կու գայ Հայկական հարցի լուծման խնդրագիրով: Անդամակցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան: Աշխատակցած է «Մուրճ» ամսագրին, «Յառաջ» եւ «Ալիք» թերթերուն: Եղած է ուսուցիչ, 1907-1909 թուականներուն` Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցի տնօրէն:
1917-ին ընտրուած է Հայոց ազգային խորհուրդի նախագահ, 1919-ին` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան (1918-1920 թթ.) խորհրդարանի անդամ, ապա` նախագահ: Ահարոնեան, Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահի պաշտօնը վարած է 5 օգոստոս 1919-էն մինչեւ 4 նոյեմբեր 1920:
1919-1920 թուականներուն Փարիզի հաշտութեան խորհրդաժողովին ղեկավարած է Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը:
Ա. Ահարոնեան 10 օգոստոս 1920-ին Սեւրի մէջ (Փարիզի մօտ) ստորագրած է Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրը: Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրի Հայաստանի նկատմամբ բաժինը կ՛ընդգրկէր 88-93-րդ յօդուածները, որոնցմով Թուրքիա Հայաստանը կը ճանչնար իբրեւ ազատ ու անկախ պետութիւն:
Ան մասնակցած է Լոնտոնի (1921) եւ Լոզանի (1922-1923) խորհրդաժողովներուն: Հայ դատին վերաբերող իր խորհրդածութիւնները ամփոփած է «Սարդարապատից մինչեւ Սեւր եւ Լոզան» (1943) գիրքին մէջ:
1894-ին «Մշակ»-ի մէջ լոյս տեսած է Ահարոնեանի «Լուրեր սահմանի այն կողմից» խորագրով յօդուածաշարքը, որ նուիրուած էր արեւմտահայութեան կեանքին: Այնուհետեւ հրատարակուած են արեւմտահայ գաղթականներուն, ազգային-ազատագրական շարժումին նուիրուած անոր պատմուածքները («Խայ», «Ռաշիտ», «Խաւարես, լուսին», «Զարթի՛ր, Աստուա՛ծ», «Պատիւ», «Էլ մի աղօթիր», «Ջաւօ», «Արիւնոտ թթխմոր» եւ այլն), որոնք ներառուած են «Պատկերներ» (1899) եւ «Ազատութեան ճանապարհին» (1908) ժողովածուներուն մէջ:
1923-ին Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագրին մէջ եւ առանձին հատորներով լոյս տեսած են Ահարոնեանի պատմուածքները, վիպակները, վէպերը, գրական, քաղաքական ուսումնասիրութիւնները:
1934-ին փետրուարին Մարսէյի մէջ ելոյթի մը պահուն ան կաթուածահար եղած է եւ այլեւս չէ ստեղծագործած:
Ահարոնեանի շարք մը գործերուն մէջ նկատելի է խորհրդապաշտութեան ազդեցութիւնը («Արցունքի հովիտը», 1907, «Լռութիւն», 1904 , «Սեւ թռչուն», 1910):
Ահարոնեանը գրած է նաեւ «Քրիստափոր Միքայէլեան» (1926), «Իմ գիրքը» (1927-1931) երկերը, «Իտալիայում» (1903), «Շուէյցարական գիւղը» (1913) ուղեգրութիւնները եւ այլ գործեր:
Աւետիս Ահարոնեան կը մահանայ 20 մարտ 1948-ին, Փարիզ:
(Շար. 2)







