ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Կարեւոր յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք: Ճնշումները եւ պարտականութիւնները պիտի բազմանան: Յոգնութիւն եւ իրարանցում պիտի զգաք: Մի՛ յուսահատիք, որովհետեւ մթնոլորտը հակասական չէ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Դժուար պահեր պիտի ապրիք: Ձեր տեսակէտը մի՛ պարտադրէք ուրիշներուն: Գործակցեցէք ձեր ընկերներուն հետ: Վարչական եւ նիւթական առկախ հարցին մասին պիտի զրուցէք: Յարմար պահ մըն է հետապնդելու օրինական հարց մը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Վարչական կամ առողջական խնդիրներ երեւան պիտի գան: Յարմարեցէք մթնոլորտին: Եթէ հարկ է, զիջումներ կատարեցէք: Պիտի զբաղիք կարգ մը հարցերով:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հոգ տարէք անձնական եւ առողջական վիճակներուն, որպէսզի զերծ մնաք յոգնութենէ: Հանգիստի պահեր ունեցէք: Ձեր ժամանակը լաւ դասեւորեցէք, որպէսզի կատարէք ձեր բոլոր պարտականութիւնները եւ յարգէք ժամադրութիւնները:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Սննդականոնի պիտի հետեւիք եւ կանոնաւոր մարզանք պիտի ընէք: Դասաւորեցէք ձեր գործերը, որովհետեւ ժամանակը նեղ է: Ուշադիր եղէք առողջական հարցերէ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Յարմար է, որ մնաք ընտանիքի գիրկին մէջ` հակառակ ձեր փոփոխական տրամադրութեան: Ձեր սուր բնաւորութիւնը բացասական կերպով պիտի ազդէ ձեր անձնական յարաբերութիւններուն վրայ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Անձնական կամ ընտանեկան սուր հարցեր պիտի ծագին: Անհասկացողութենէն հեռու կեցէք: Ընտանեկան հարց մը լուծելով պիտի զբաղիք: Ձեր ջիղերուն տէրը եղէք եւ պարտականութենէ մի՛ հրաժարիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հինը պիտի աւարտէք եւ նորը պիտի սկսիք: Յաջողութեամբ եւ վստահութեամբ պիտի տնօրինէք ձեր նիւթական հարցերը: Ամէն մարդու վրայ կոյր վստահութիւն մի՛ ունենաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պայմանագիր մը պիտի ստորագրէք կամ նոր պաշտօն մը պիտի ստանձնէք: Յաջողութիւն պիտի արձանագրէք: Մի.՛ մտահոգուիք, յաջորդ քայլով շահ մը կամ գնահատագիր մը պիտի ապահովէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Քննարկումներու ընթացքին ուշադիր եղէք ձախողութենէ: Յուսահատեցնող շրջան մըն է: Ձեր աշխատանքային ընթացքը պիտի դանդաղի, բայց շուտով հարցերը պիտի վերանան:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր կեանքին ընթացքը պիտի դանդաղի մեծ չափով: Պիտի ուշանան ձեր ծրագիրները, կամ` յետաձգուին: Որոշում մի՛ տաք այս օրերուն: Անհասկացողութեամբ մը անակնկալի պիտի գաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մի՛ դիմադրէք եւ հարցեր մի՛ յարուցէք: Վիճաբանութենէն հեռու կեցէք: Պահեցէք ձեր ջիղերը: Ճնշող շրջան մը պիտի ապրիք: Ընտանեկան եւ աշխատանքային պարտականութիւններ պիտի ունենաք:
