ՀՅԴ-ի նպատակը արտահերթ ընտրութիւնները ձգձգելը չէ: Այս մասին երէկ` 20 յուլիսին Ազգային ժողովին մէջ Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու հարցով Ազգային ժողովի 4 ուժերու ներկայացուցիչներէ կազմուած աշխատանքային խումբի նիստին յայտարարեց ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` մեկնաբանելով «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեանի դիտարկումը, որ ՀՅԴ-ի առաջարկած ընտրակարգը աւելի պիտի ձգձգէ ընտրութիւնները:
«Մենք կողմ ենք արտահերթ ընտրութիւնները կարելիին չափ սեղմ ժամկէտներու մէջ կազմակերպելուն, իսկ նման յայտարարութիւնները ձեր կողմէ հարցը այլ տեղ կը տանին», վրդովմունք յայտնեց ան:
Նշենք, որ Մարուքեան, ըսած էր, թէ համախոհութեան փնտռտուքը պէտք չէ ըլլայ ընտրութիւնները ձգձգելու նպատակ հետապնդող գործընթաց:
«Մենք տուած ենք առաջարկ, որ աշխարհին մէջ փորձարկուած է, անոր մէջ է մեր համոզումը: Մենք փակ ցուցակներով ընտրակարգին դէմ չենք, բայց ցաւով կ՛ընդունինք, որ այս տարբերակը չընդունուի: Կրնանք նաեւ կիսափակ-կիսաբաց տարբերակն ալ դիտարկել», ըսաւ Ռուստամեան:
«Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Լենա Նազարեան արձագանգեց Արմէն Ռուստամեանին, որ խնդիրը այն է, որ ընտրութիւններուն չէ եղած ծրագիրներու եւ խումբերու մրցակցութիւն: «Եթէ կան անձեր, որոնք գործատուներ, թաղային հեղինակութիւններ են, վարչական միջոցներու տիրապետող անձեր են, պիտի երթան իրենք զիրենք ներկայացնելու, ոչ թէ ծրագիրն ու խումբը: Այդ հարցը պիտի ունենանք», նշեց ան:
Ռուստամեանն ալ տարակուսանք յայտնեց, որ Լենա Նազարեանը դէմ կ՛ընթանայ այն 31 երկիրներուն, ուր համամասնական ընտրակարգը փորձարկուած է եւ, ընդհակառակն, նպաստած է կուսակցութիւններու կայացման: «Մենք կ՛ըսենք, որ համապետական պիտի ըլլան ընտրութիւնները, որ տուեալ մարդը հանրապետութեան մէջ ճանաչում ունենայ», եզրափակեց ան:



