Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու սահմանային Կապոյտ գիծին իրավիճակը:
Հանդիպումը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Զօր. Աուն յաջողութիւն մաղթեց զօր. Պերիի` մեծապէս գնահատելով անոր աշխատանքը իբրեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատար:



