ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ղազի Զաայթեր հաստատեց, որ հաշիշի ցանքին օրինականացումին զուգահեռ պէտք է որդեգրել խիստ պատժամիջոցներ` հաշիշի գործածութեան եւ անոր առեւտուրով զբաղելու պարագաներուն:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն հաշիշի ցանքի օրինականացումին գծով նշեց, որ հաշիշի արտածումին եւ բժշկական նպատակներով անոր գործածութեան միջեւ տարբերութիւններ ճշդելու առումով լուրջ դժուարութիւններ կան:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Անթուան Հապշի երկուշաբթի օր պիտի հրաւիրէ մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին պիտի առաջարկէ հաշիշի ցանքին վերաբերող ամբողջական ծրագիր մը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ Ժարուտի երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն ներկայացուց իր շնորհաւորութիւնները Մար Էլիասի տօնին առիթով: Ժարուտի յայտնեց, որ Աուտէ եպիսկոպոսը Պէյրութի երաշխիքն է, ինչպէս նաեւ երկրին խաղաղութեան ապաւէնը: «Ան ազգային միասնականութեան խորհրդանիշն է եւ բոլոր լիբանանցիներուն հայրը», հաստատեց Ժարուտի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան ուշացումը ուղղակիօրէն առնչուած է նախարարութիւններու տեսակին եւ քաղաքական ուժերուն կողմէ նախարարութիւններու բաժանումին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Տիմա Ժամալի շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիին այլընտրանք չկայ` հաստատելով, որ կառավարութիւնը պէտք է անյապաղ կազմուի, իսկ երկրին տնտեսական կացութիւնը շատ զգայուն է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ամմար հաստատեց, որ Հըզպալլա ներկայ պիտի գտնուի բոլոր այն հրապարակներուն վրայ, ուր Դիմադրութեան առանցքին պաշտպանութեան կարիքը կը զգացուի:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կոչ ուղղեց դիւրացնելու վարչապետ Սաատ Հարիրիի ստանձնած պարտականութիւնը` հաստատելով, որ ուշացումի պարագային կը վնասեն երկրին կայունութիւնն ու տնտեսութիւնը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ վարչապետ Սաատ Հարիրիին յայտնեց, թէ ինք միջամուխ պիտի չըլլայ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին` նկատի ունենալով իրեն դէմ արձանագրուած ամբաստանութիւններն ու դատապարտումները: Նոյն օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Հարիրի կը փափաքի կազմել ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը` առանց քաղաքական բանավէճերու:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ լիբանանեան պետութեան պարտականութիւնները միայն ապահովական չեն, այլեւ` բարգաւաճումի ծրագիրներ կ՛ընդգրկեն: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը, յատկապէս Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը կը մասնակցին Պաալպեք-Հերմելի մէջ վերջերս գործադրուող ապահովական ծրագիրին:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ հաստատեց, որ քաղաքական ուժերը կը զբաղին կառավարութեան կազմութեան թղթածրարով, մինչ երկիրը կ՛ուղղուի դէպի սնանկացում:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներ երէկ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ Տիմանի հանդիպումին գոյացած հանդարտութեան համաձայնութիւնը խզած է, եւ այդ պատճառով այսօր անոր հետ երկխօսութիւն չկայ:


