«Gaziantepsabah.com» կայքէջի թղթակիցը զրուցած է Այնթապի յայտնի լուսանկարիչ Սերտար Պէյազասլանի հետ, որ լրատուամիջոցին յայտնած է, թէ այստեղի առաջին լուսանկարիչը հայ եղած է: Այդ մասին կը գրէ «Ակունք»-ը:
Ըստ աղբիւրին, Պէյազասլանը մասնաւորապէս հետեւեալը ըսած է հայ լուսանկարիչին մասին. «Հետագային Կազիանթեփի առաջին վարպետները հայէ սորված են այդ մասնագիտութիւնը: Իմ հայրս եւս եղած է այդ հայ լուսանկարիչին աշկերտներէն»:
Յիշեցնենք, որ Այնթապի հայերը զանգուածաբար ոչնչացուեցան 1915-1921 թուականներուն: Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուածները ապաստանեցան Սուրիա, Լիբանան եւ Միացեալ Նահանգներ:
Ըստ թուրք ուսումնասիրող Մուրատ Ուչաների, ներկայիս Այնթապ նահանգին մէջ կ՛ապրի 2 միլիոն մարդ, որուն միայն 5 տոկոսն է բնիկ այնթապցի: Եւ այդ 5 տոկոսին գրեթէ կէսը (այսինքն` 50 հազարը) կը կազմեն իսլամացած հայերը: Սակայն անոնց մեծ մասը կը մերժէ իր հայկական ծագումը` ըսելով. «Մենք մուսուլման թուրք ենք»: Մօտ 25 հազար իսլամացած հայեր կ՛ապրին Այնթապի կեդրոնին մէջ, իսկ Նիզիփի եւ Պիրեճիքի բնակչութեան մէկ երրորդը բաղկացած է կրօնափոխ հայերէ:



