ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Երբ Էդիկ Բերդեանը «Արուեստագէտը եւ բնորդուհին» թեմայով կտաւներ կ՛երփնագրէ, ան նախ կը դրսեւորէ իր փոխյարաբերութիւններն ու վերաբերումները բնորդուհիներու հանդէպ եւ ապա կեանքի նժարի վրայ կը դնէ այնպիսի վիճակներ, որոնք կը տուայտին ներքին ստեղծագործական ուժերու եւ սեռային ու սիրային մղումներու միջեւ:
Իսկ երբ ինքնադիմանկարներ կը պատկերէ, հարցը կը փոխուի: Ինքնապեղման ու ինքնահաստատման ճանապարհին, ան գրաւը կը դնէ դէմքի արտայայտչականութեան (ի մասնաւորի` աչքերու) վրայ, ուրկէ կ՛արտացոլան գոյատեւելու տագնապն ու կայանալու պայքարը: Հոս` Բերդեանի գեղագիտական երկխօսութիւնն ու կռիւը ինքն իրեն հետն է ու ինքն իր մէջ:
Հակառակ անոր որ կեանքի փորձառութիւններն ու մանաւա՛նդ փորձութիւնները լլկեցին ու տաղեցին իր հոգեմտաւոր աշխարհը, խոցեցին ինքնասիրութիւնը, արհամարհեցին մարդկային ամենատարրական իրաւունքներն իսկ ու ենթարկեցին ծայրահեղ թշուառութեան, ան չխաթարուեցաւ ու չշեղեցաւ իր սկզբունքներէն: Մնաց անեղծ` իբրեւ մարդ եւ անկաշառ իբրեւ ստեղծագործող: Բերդեանը ծնաւ իր հօր եւ մեծ հօր Սիպերիա աքսորուելէն ետք միայն: Զանոնք տեսնելու ոչ մէկ հնարաւորութիւն ունեցաւ:Ապրեցաւ անոնց յիշատակով եւ ապրեցուց զանոնք իր մէջ, իր ստեղծագործական կեանքի ողջ ընթացքին: Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ նոյն ժամանակաշրջանին պատկերուած ինքնադիմանկարներէն ոմանք տարեցներ են, իսկ ուրիշներ` համեմատաբար երիտասարդ: Թէեւ ժամանակը իր դրոշմը դրած է անոնց դիմագիծներու արտայայտչականութեան վրայ, սակայն անոնք ներքնապէս ամուր խառնուածքի տէր անձնաւորութիւններ են եւ, շրջանցելէ ետք ժամանակի մաշումը, համարձակօրէն կը նային ապագայի աչքերուն: Այսպիսով, թէեւ ժամանակի եւ տարածութեան սահմանները կը խախտին, սակայն կը փրկուի արուեստը, այս պարագային` ԻՆՔՆԱԴԻՄԱՆԿԱՐԸ, որ գեղագիտականօրէն կը հարստանայ, կը դառնայ ինքնատիպ, ներքնապէս ուժեղ ու բազմաբովանդակ: Այս երեւոյթը (որ քիչ կը պատահի արուեստի պատմութեան մէջ) ծրագրուած ու սերտուած ձեւով չէ, որ տեղի կ՛ունենայ, այլ կը բխի տարերայնօրէն` ենթագիտակցութեան ուժեղ թելադրականութեան տակ: Նոյնիսկ երբ կը պատկերէ ուրիշներու եւ կամ խորհրդանշական դիմանկարներ, անոնց մէջ որոշ չափով կը դրսեւորէ նաեւ իր էութենէն ու բնաւորութեան գիծերէն բաժին մը:



Բերդեանը 1997-ին խաւաքարտի վրայ նոյն չափով (40×30սմ.) եւ նոյն դիրքով պատկերեց երկու ինքնադիմանկար, մէկը` մատիտով, միւսը` խսռը հմտութեամբ-գունաւոր: Երկուքի պարագային ալ պատկերուած է ամուր խառնուածքի տէր անձնաւորութիւն մը, որ ուղիղ կը նայի ոչ թէ մահուան, այլ մահուամբ սպառնացող այն «ճակատագիր»-ին, որ ոչ միայն զրկեց զինք իր հօրն ու մեծ հօրը մտերմութենէն, այլ նաև տասնեակ տարիներ ամլութեան մատնեց իր ստեղծագործական կեանքը: Հայեացքը ահաւոր է, սարսռազդեցիկ ու նոյնի՛սկ սպառնագին: Սակայն այս դաժանութիւնը պայմանաւորուած չէ չարութեամբ, այլ` ծայրահեղ բարութեամբ, աւելի ճի՛շդը` ծայրահեղ բարութենէ ծնած վճռակամութեամբ, որ մէկ կողմէ` թափ կու տայ արտայայտչականութեան և միւս կողմէ կ’ամրագրէ ազատօրէն ապրելու և ստեղծագործելու իր անսակարկելի իրաւունքը: Եւ պատահական չէ, որ անոր արուեստին մէջ լայն տեղ կը գրաւէ իր մանկապատանեկան միջավայրը` Կոնդ աղքատիկ թաղամասը` իր համեստ առօրեայով, կենցաղով ու թշուառութեամբ հանդերձ:
Ան ունի գլխարկով երկու դիմանկար(2011 եւ 2012): Առաջինը պատկերուած է համեմատաբար ժլատ գուներանգներով: Անցումները սպիտակէն դէպի մոխրագոյն եւ սրճագոյնէն դէպի սեւ մեղմ են եւ ներդաշնակ: Երկրորդի պարագային ալ գոյները աւելի ուժեղ են, իսկ կերպերը` շեշտուած: Այս տիպարը ունի նաև ծխամորճ, որ յաւելեալ հանդիսաւորութիւն կը հաղորդէ կերպարին: Երկուքի պարագային ալ անոնց աչքերը, ինքնավստահ ու յանդիմանական նայուածքի տակ,աւելի սրատես կը թուին ըլլալ: Իսկ անոնց շրթներուն ետին դառն հեգնանք մը կը նշմարուի: Բերդեանը ունի նաեւ շարք մը ինքնադիմանկարներ, որոնք ունին խորհրդանշական խորագիրներ, ինչպէս «Ցաւ» եւ կամ «Երգիչը» գործերն են: Առաջինը` իւղաներկ կտաւի վրայ (չափը` 32×23), իսկ երկրորդը` կաւճաներկ խաւաքարտի վրայ (չափը` 35×25): Երկուքն ալ գրեթէ միագոյն են: «Ցաւ»-ը կապոյտի երանգներով իսկ «Երգիչ»-ը` սեւի եւ սրճագոյնի: Առաջինը չի ճչար Էտուար Մունքի «Ճիչ»-ին պէս, նոյնիսկ կը թուի, թէ կ՛երգէ, սակայն անոր ցցուած այտոսկրները, ճակատի շեշտուած կնճիռները եւ յատկապէս կիսախուփ աչքերը խոր ու ահաւոր տառապանք մը կ՛ենթադրեն ու ՃԻՉէ մը աւելի սարսռազդեցիկ կը թուին ըլլալ: Իսկ երկրորդը թէեւ գրեթէ նոյն դիմագիծները ունի, սակայն` ոչ նոյն տրամադրուածութիւնը: Առաջինի պարագային, եթէ ըմբոստութիւն եւ կամ յարձակողական ձգտում մը կայ, ապա հոս` ճենճերացող եռեւեփումներու տակ աղերսալից «հռնդիւններ» կը փոխանցուին ակնդիրին: Այս դիմանկարները եւս ներազդեցիկ են իրենց ներքին լարուածութեամբ եւ հաղորդական` իրենց գեղարուեստական յուզականութեամբ:
Այսքանով կարելի եղաւ ընդհանուր գաղափար մը միայն տալ անոր ինքնադիմանկարներու բնոյթին մասին: Այս արտակեդրոն արուեստագէտին բարդ ու կնճռոտ ստեղծագործական կեանքն ու արուեստը կարենալ լաւապէս բացայայտելու եւ մեկնաբանելու համար կարիքը կը զգացուի աւելի խոր ուսումնասիրութիւններու եւ վերլուծումներու:
