Փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ Ռէալ Մատրիտէն փոխանցուեցաւ Եուվենթուսին, սպանական մայրաքաղաքին մէջ գտնուող իր ապարանքը ծախու հանեց:
«Մունտօ Տեփորթիւօ» հաղորդեց, որ ան Լա Ֆինքա շրջանին մէջ գտնուող իր ապարանքը կ՛ուզէ ծախել, որպէսզի վերջնականապէս փակէ իր խնդրայարոյց էջը` սպանական մաքսատան հետ:
Նշուեցաւ նաեւ, որ ան պիտի դադրեցնէ Մատրիտի մէջ իր շինելիք «Փեսանթա-Սի. Ար.7» պանդոկներուն աշխատանքները, իսկ իր ունեցած 22 ինքնաշարժներէն մաս մը իրեն հետ պիտի փոխադրէ Թորինօ, ուր պիտի հաստատուի իր ընտանիքին հետ, մինչ մնացեալները պիտի տանի այլ շրջաններ, որոնց կարգին` Էսփանիոլ, Ֆունշալ եւ այլուր:



