Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիելոռուսական «Եւրոռատիօ» լրատուամիջոցին հետ ունեցած է հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձած է Պիելոռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին վաճառուող զէնքի նիւթին:
Փաշինեանի համաձայն, Պիելոռուսիոյ կողմէ «Փոլոնեզ» զինատեսակի վաճառքը Ազրպէյճանին լարուածութիւն կը մտցնէ Մինսքի ու Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ:
«Մեզ կ՛անհանգստացնէ Պիելոռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին զէնքի վաճառքը, ատիկա խնդիր պիտի դառնայ մեր յարաբերութիւններուն մէջ: Ես այդ մասին ըսած եմ Պիելոռուսիոյ նախագահ Լուքաշենքոյին հետ զրոյցի մը ընթացքին: Այս խնդիրը կը սրի մանաւանդ այն պատճառով, որ Հայաստանն ու Պիելոռուսիան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ են, ռազմաքաղաքական գործընկերներ: Հայաստանի քաղաքացիները դժգոհ են, որ Պիելոռուսիան Ազրպէյճանին զէնք կը վաճառէ», ըսած է վարչապետ Փաշինեան:
Վարչապետ Փաշինեան աւելցուցած է, որ իրենց խնդիրը չէ Լուքաշենքոյին ինչ որ բանով համոզելը: Հայաստանը ներկայացուցած է իր տեսակէտը այդ հարցին առնչութեամբ` յոյս ունենալով, որ Պիելոռուսիան յարգէ Հայաստանի շահերը:
ԵԱՀԿ-ն Պատրաստ Է Օժանդակելու Հայաստանի Հանրապետութեան
Կառավարութեան Հակափտածութեան Բարեփոխումներուն
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի` փտածութեան դէմ պայքարի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Փաոլա Սեւերինոն: Վարչապետը կարեւոր նկատած է ԵԱՀԿ-ի հետ համագործակցութեան հետագայ զարգացումը տարբեր հարթութիւններու վրայ, ներառեալ` հակափտածութեան բնագաւառը:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ փտածութեան դէմ պայքարը կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն մէկն է, եւ այդ ուղղութեամբ գործադիրը հաստատակամօրէն պիտի շարունակէ հետեւողական քայլերը: Միաժամանակ, վարչապետը աւելցուցած է, որ Հայաստանը այս մարզին մէջ անհրաժեշտ կը նկատէ միջազգային գործընկերներու հետ փորձի փոխանակումն ու անոնց կողմէ օժանդակութիւնը:
Փաոլա Սեւերինոն ողջունած է փտածութեան դէմ պայքարին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կողմէ ձեռնարկուող միջոցառումները եւ համոզմունք յայտնած, որ անոնք արդիւնաւէտ պիտի ըլլան: Ան ընդգծած է, որ ԵԱՀԿ-ն պատրաստ է աշխուժ համագործակցութեան Հայաստանի կառավարութեան, այդ կարգին արդարադատութեան նախարարութեան հետ` հակափտածութեան բնագաւառին մէջ բարեփոխումներու իրականացման օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով:
Զրուցակիցները համոզմունք յայտնած են, որ նախատեսուող բարեփոխումները պիտի նպաստեն փտածութեան վտանգի նուազեցման, ինչ որ իր կարգին կրնայ խթան հանդիսանալ գործարարական միջավայրի բարելաւման ու արտաքին ներդրումներու ներգրաւման:



