Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Ռիաշի նախագահ Աունին ներկայացուց Տիմանի մէջ իր, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին միջեւ կատարուած հանդիպումին արդիւնքները:
Հանդիպումէն ետք Ռիաշի շեշտեց, թէ նախագահ Աուն հաստատած է, որ միջմարոնիական հաշտութիւնը սուրբ է: Ռիաշի նշեց, որ նախագահ Աուն շեշտած է, թէ այն հարցերը, որոնց շուրջ քաղաքական տարակարծութիւններ կան, կրնան քաղաքական համաձայնութիւններ ունենալ:
Միւս կողմէ, նախագահ Աունի մօտիկ աղբիւրներ նշեցին, որ հանրապետութեան նախագահը չի հերքեր, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտներու դիմաց կը գտնուի:
«Ընդհակառակն` ան կը հաստատէ, որ քաղաքական ուժերը միայն իրենց արդար բաժինը չէ որ կը պահանջեն, այլ` աւելին: Օրինակ` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ տիւրզի համայնքը ներկայացնող բոլոր նախարարները կը փափաքի իւրացնել: Վարչապետ Սաատ Հարիրի` սիւննի համայնքին բոլոր նախարարները, հակառակ անոր որ ան միայն 17 սիւննի երեսփոխան ունի, իսկ մնացեալ վեցը` տարբեր քաղաքական ուժեր կը ներկայացնեն: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը չի կրնար ամէն բան պահանջել` նկատի ունենալով, որ ան միակ մարոնիական քաղաքական ուժը չէ, եւ չի կրնար Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ջնջել: Ան ըսաւ, որ շիի համայնքը բաւարարուած է իր պահանջներով, սակայն կը պահանջէ այլ սիւննիներու իրաւունքը: Նախագահ Աուն նշեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերուն բազմիցս յայտնած է, թէ իւրաքանչիւրը պիտի ստանայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր ապահոված չափին համաձայն, ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս` աւելցնելով, որ զինք ոչ ոք կրնայ շանթաժի ենթարկել», յայտնեցին նոյն աղբիւրները:
Անոնք հաստատեցին նաեւ, որ նախագահ Աուն ապահովական կայունութեան մասին դրական արտայայտուած է` հաստատելով, որ ինք արգիլած է լիբանանեան բանակին միջամտել, ինչպէս նաեւ ապահովական միւս ուժերուն անձեռնմխելիութիւն շնորհել:



