Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն մեծ մասին տունդարձը կարելի չէ` նկատի ունենալով սուրիական թիւ 10 օրէնքը:
Ան զգուշացուց ոմանց դաւադրութեան զոհերը դառնալէ` ընդգծելով, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին յանձնառութիւնը պէտք է մղէ, որ թիւ 10 օրէնքը ջնջուի, որպէսզի դիւրանայ տեղահանուածներու վերադարձը:
Ժոմպլաթ նշեց, որ այդ օրէնքը ջնջելու համար կարելի է դիմել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին:
Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ թիւ 10 օրէնքը եւ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած հսկայական քանդումը կը նշանակեն, որ Լիբանանի, Թուրքիոյ եւ Յորդանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածները կիսով նոյնիսկ կարելի չէ իրենց երկիրը վերադարձնել:
Անդրադառնալով այն յայտարարութիւններուն, թէ սուրիական պետութեան հետ պէտք է պաշտօնական երկխօսութիւն կատարել` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին համար, Ժոմպլաթ ըսաւ, թէ այդ երկխօսութիւնը եւ համագործակցութիւնը կայ` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ամէն երկուշաբթի օր նախարար մը կը գործուղէ Դամասկոս: «Լիբանանի մէջ ոչինչ գաղտնի կը մնայ», ըսաւ ան:
Իսկ ակնարկելով արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի յայտարարութիւններուն, որոնք կը վերաբերին Սուրիոյ հետ քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններուն նախկին հեզասահ ընթացքին վերահաստատումին, Ժոմպլաթ ըսաւ, թէ այդ տեսակէտը պաշտպանողները կը վստահին այն պայմաններուն, որոնք օժանդակած են Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին` ազատագրելու Տարաան: «Այդ տեսակէտը պաշտպանողներ կը փափաքին վերադառնալ անցեալի օրերուն, եւ ապա կը խօսին անկախութեան եւ գերիշխանութեան մասին», հաստատեց ան:



