Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ նախագահեց համախմբումի նիստին, որուն աւարտին համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ երեսփոխան Շամել Ռուքոզ կը հետեւի բնակարանային վարկերու թղթածրարին` աւելցնելով, որ այդ հարցը պիտի քննարկուի խորհրդարանի բոլոր յանձնախումբերուն կողմէ` ի վերջոյ լուծումի մը յանգելու նպատակով:
Քանաան նշեց, որ համախմբումը քննարկած է նաեւ պետական ամավարկի բարեկարգումներուն հեռանկարները` աւելցնելով, որ եթէ որեւէ կարիք զգացուի, ապա ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը նոր օրէնքներ պիտի մշակէ:
Քանաան շեշտեց, որ քննարկած է նաեւ ելեկտրոնային կառավարութիւն մը ստեղծելու կարելիութիւնը` աւելցնելով, որ ատիկա իրագործելու համար դարձեալ կարիքը կը զգացուի օրէնսդրութեան:
Ան նշեց, որ համախմբումը քննարկած է նաեւ կրթութեան հարցերու եւ հանրօգուտ շինութեանց վերաբերող թղթածրարներ եւ հանրօգուտ շինութեանց խորհրդարանական յանձնախումբի քարտուղար, երեսփոխան Հիքմաթ Տիպին պարտականութիւն տուած է հետապնդել Լիբանանի ճամբու օրէնքները:
Քանաան շեշտեց, որ խորհրդարանին մէջ իրենց ներկայութիւնը ձեւական պիտի չըլլայ: «Հզօր Լիբանան համախմբումին ներկայութիւնը զգալի պիտի դարձնէ արձանագրուելիք տարբերութիւնը եւ ամէնօրեայ դրութեամբ յանձնախումբերուն եւ խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղարութեան ընդմէջէն պիտի հետեւի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ շաբաթական դրութեամբ իր գնահատականը պիտի կատարէ: Արդիւնաւէտ ըլլալը հիմք է եւ մեր պատասխանատուութիւնն է ըլլալ արդիւնաւէտ», ըսաւ ան:
Կառավարութեան կազմութեան մասին Քանաան յայտնեց, որ վերջին անգամ ըլլալով կ՛ուզէ հաստատել, որ համախմբումը չէ կառավարութիւնը կազմողը: «Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ ոչ մէկ դերակատարութիւն ունինք կամ կ՛ուզենք ունենալ, ինչպէս նաեւ կը մերժենք այդ հոլովոյթին մէջ մեզ իբրեւ խոչընդոտ ներկայացնել: Սահմանադրութեան համաձայն, կառավարութեան կազմութեան պարտականութիւնը վարչապետինն է եւ հանրապետութեան նախագահինը», յայտնեց Քանաան:
Ան հաստատեց նաեւ, որ երկրին տնտեսութեան բարելաւումը իրենց համար առաջնահերթութիւն է: «Առողջ տնտեսութիւնը բոլոր առաջնահերթութեանց առաջնահերթութիւնն է, եւ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին այս մասին նախաձեռնութիւն մը պիտի առաջադրենք», հաստատեց Քանաան` պահանջելով, որ խորհրդարանին եւ կազմուելիք նոր կառավարութեան համար տնտեսական տագնապին լուծումը ըլլայ առաջնահերթութիւն:



