Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Տօնակատարութիւններու Մամլոյ Ասուլիս` Երեւանի Մէջ

July 18, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններու սեմին, երէկ կէսօրին, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն հրաւիրուեցան հայրենի լրատուամիջոցները` գալիք օրերու ձեռնարկներուն մասին ընդհանուր գաղափար մը կազմելու եւ հանրութեան ըստ արժանւոյն լուսաբանելու համար:

Ասուլիսին ներկայ գտնուեցան սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ բանբեր Նունէ Այլանճեան, նախարարութեան բաժիններու պատասխանատուներ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վաչէ Նաճարեան եւ Մոսիկ Թոփուզեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան, ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեան եւ համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի ընդհանուր խմբապետ Թալին Օրտողլեան:

Ասուլիսին բացումը կատարեց սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ բանբեր Նունէ Այլանճեան: Ան նշեց, որ հանդիպումին նպատակը ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին եւ համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումին մասին տեղեկութիւններ փոխանցել է: Ան յաջողութիւն մաղթեց ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին եւ հրաւիրեց Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը, անդամ Վաչէ Նաճարեանը եւ բանակումի ընդհանուր խմբապետ Թալին Օրտողլեանը` ուղղելու իրենց խօսքերը:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենի պետութեան եւ յատկապէս սփիւռքի նախարարութեան, որոնք անցնող մէկուկէս տարուան ընթացքին մասնակից դարձան 100-ամեակի ձեռնարկներու նախապատրաստութեան եւ ամէն դիւրութիւն ու յարմարութիւն ընծայեցին ձեռնարկներու յաջողութեան համար` յատուկ գերատեսչութեան ճամբով թէ զանազան նախարարութիւններու կապուած աշխատանքներու համադրումով եւ հետապնդումով:

Այնուհետեւ, Գառնիկ Մկրտիչեան ներկայացուց 100-ամեակի ձեռնարկները, անոնց մասնակիցներն ու պատասխանատուները: Ան հաստատեց, որ 100-ամեակի բանակումին եւ ձեռնարկներուն կը մասնակցին 26 երկիրներէ աւելի քան 1200 սկաուտներ, 200 նախկին խմբապետներ, բազմահարիւր ծնողներ, համակիրներ, հրաւիրեալներ եւ հիւրեր: Մկրտիչեան նշեց նաեւ, որ 100-ամեակի հանդիսաւոր տողանցքը պիտի կատարուի շաբաթ, 21 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ազատութեան» հրապարակէն «Հանրապետութեան» հրապարակ կատարուելիք շքերթով, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումին մասնակիցները, աշխարհի չորս ծագերէն եկած ՀՄԸՄ-ական նախկին խմբապետներ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի սկաուտներ:

Մամլոյ ասուլիսին յաջորդ խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ սկաուտականի պատասխանատու Վաչէ Նաճարեան: Ան խօսեցաւ համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումներու պատմութեան մասին եւ ըսաւ, թէ միութեան համագաղութային կառոյցի ստեղծումէն ետք, այս բանակումը տասնմէկերորդն է իր տեսակին մէջ, նաեւ` եօթներորդը, որ տեղի կ’ունենայ Հայաստանի մէջ: Բանակումը կազմակերպուած է ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ եւ աշխատանքներուն ընդհանուր ծրագրումը վստահուած է Կեդրոնական վարչութեան սկաուտական մարմինի անդամներուն` Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Օշին Փիրումեանին, Վաչէ Նաճարեանին եւ Բագրատ Եսայեանին: Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումներու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով` բանակումի ընդհանուր խմբապետ նշանակուած է իգական սեռի ներկայացուցիչ մը` Թալին Օրտողլեան, Լիբանանէն: Կողքին կը գործեն երկու փոխխմբապետներ եւ 12 հոգինոց գործադիր խմբապետական կազմ մը, որուն անդամները կու գան միութեան աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերէն:

Խօսք առաւ նաեւ համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի խմբապետ Թալին Օրտողլեան: Ան ըսաւ, թէ հինգշաբթի, 19 յուլիսին ընթացք առնելիք բանակումը աննախընթաց է մասնակիցներու իր թիւով` աւելի քան 1100 բանակողներով: Նախապէս, բանակումներու մասնակիցներուն թիւերը չեն հասած 800-ի, սակայն ասիկա բացառութիւն է` նուիրուած ըլլալով միութեան 100-ամեակին: Բանակումը ունի չորս տեսակի աշխատանքներ` սկաուտական, ազգային, հայրենաճանաչութեան եւ 100-ամեակի ձեռնարկներու մասնակցութեան: Առաջին անգամ ըլլալով, բանակումի հանդիսաւոր տողանցքին եւ բազմամշակութային օրուան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ՀՄԸՄ-ական նախկին խմբապետներ, որոնք այս առիթով կ՛այցելեն Հայաստան:

Օրտողլեան յայտնեց, որ բանակումին յայտագիրը կ’ընդգրկէ սկաուտական յայտագիրներ, Հայաստանի պատմական եւ տեսարժան վայրեր այցելութիւններ, Արագած լերան նուաճում, հայկական խաչքարագործութեան եւ պարի ծանօթացում, բազմամշակութային օրուան կազմակերպում, ռելի արշաւ, զարգացման մրցում եւ այլն:

Մամլոյ ասուլիսի աւարտին, ներկայ թղթակիցները ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչներուն հարցուցին շարք մը հարցումներ, որոնք կը վերաբերէին միութեան 100 տարուան առաքելութեան, սկաուտական գործունէութեան եւ հայապահպանման աշխատանքներուն:

 

 

Նախորդը

Վատիկանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան

Յաջորդը

Արծուիկ Մինասեանը Լիբանանի Դեսպանին Հետ Խօսած Է Զբօսաշրջութեան Զարգացման Ներուժի Մասին

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.