Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Գծով Ցարդ Ոչ Մէկ Նորութիւն Արձանագրուած Է»

July 17, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն անդամ է նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի:

Նիստէն ետք Ֆըրզլի շեշտեց, որ նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբերու ընտրութեան հարցը` աւելցնելով, որ նիստը ընթացած է դրական եւ համախոհական մթնոլորտի մէջ:

Ֆըրզլի ընդգծեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է խորհրդարանի նիստը այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գումարել եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ համախոհութեամբ գոյացած այդ համաձայնութիւնը գործադրել:

Ֆըրզլի նշեց, որ խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբերուն 90 առ հարիւրին շուրջ արդէն իսկ համաձայնութիւն գոյացած է` աւելցնելով, որ մնացեալը պիտի որոշուին այսօրուան լիագումար նիստին ընթացքին:

Երեկոյեան Պըրրի կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբերուն հարցը յետմիջօրէին լուծուեցաւ` աւելցնելով, որ հանրօգուտ շինութեանց յանձնախումբին պիտի նախագահէ երեսփոխան Նազիհ Նաժըմ, իսկ առողջապահութեան յանձնախումբին` երեսփոխան Ասեմ Արաժի: Ան նշեց նաեւ, որ հաղորդակցութեան միջոցներու յանձնախումբը պիտի մնայ Հըզպալլայի մօտ, սակայն անոր նախագահը պիտի փոխուի, իսկ ելեւմուտքի յանձնախումբին նախագահը պիտի մնայ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան:

Միւս կողմէ, Պըրրի ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին գծով ցարդ ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է` աւելցնելով, որ հիմնական հարցը մարոնիական հանգոյցն է:

Նշենք, որ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատը, ինչպէս նաեւ յետմիջօրէին նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին:

 

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Կառչած Կը Մնայ Կազմելու Ազգային Միասնականութեան Կառավարութիւն Մը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Եւրոպական Միութենէն Ստանձնեց Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Վերաբերող Վերջնական Տեղեկագիրը

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.