ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Դրական մթնոլորտը օգտագործեցէք բարելաւելու համար ձեր զգացական եւ աշխատանքային յարաբերութիւնները: Համարձակութեամբ եւ յստակութեամբ պիտի արտայայտէք ձեր տեսակէտը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Քիչ մը յոգնութիւն եւ հիւանդութիւն պիտի զգաք: Պիտի նախընտրէք տունը մնալ ու աշխատիլ տնային կարգ մը գործեր: Յարմար շրջան է` վերականգնելու ուրիշներուն վրայ ձեր վստահութիւնը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կարողութիւն ունիք համոզելու: Կը փափաքիք նորութիւն մտցնել ձեր առօրեային մէջ: Եթէ կատարեալ պատրաստուածութիւն ունիք, կրնաք մեծ արդիւնքներ ձեռք ձգել:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մի՛ չափազանցէք ձեր ծախսերը: Բախտը ձեզի շահ մը կամ վարձատրութիւն մը պիտի ապահովէ: Պտոյտ մը պիտի կազմակերպէք: Դրական շրջան մըն է:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Լուսինը ձեր աստղին մէջն է: Ձեր աշխատանքին արդիւնքը պիտի քաղէք: Պիտի վերագտնէք ձեր վստահութիւնը: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք եւ ուրախանաք: Նոր շրջանի մը սկիզբն է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ընթացքը դանդաղած է եւ դրական լուր չ՛աւետեր: Մի՛ յուսահատիք, այլ շարունակեցէք ձեր առօրեայ գործը: Ճակատագրական որոշում մը մի՛ տաք: Մթնոլորտը դատարկ է աշխուժութենէ եւ բախտէ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Լոյսերու տակ պիտի գտնէք դուք ձեզ: Պայմանները յարմար են` օգնութեան ձեռք երկարելու: Պիտի ուրախանաք զօրակցութեան համար: Գործակցութեան դռներ պիտի բացուին ձեր դիմաց:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պատասխանատուութիւնները պիտի շատնան: Նեղութիւն պիտի զգաք: Քննութեան շրջան մը պիտի ապրիք, կամ ճնշում պիտի ըլլայ առօրեայ ձեր կեանքին մէջ: Անհոգ մի՛ ըլլաք, այլ ամրապնդեցէք ձեր ներկայութիւնը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դրական պատասխան մը պիտի ստանաք: Պիտի ուրախանաք ճամբորդութեան մը կամ յաջող պայմանագրութեան մը համար: Մի՛ յանձնուիք եւ նոր փորձութիւններէն մի՛ վախնաք: Ճշդապահ եղէք ձեր գործին եւ խոստումներուն մէջ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Յարմար լուծումներ գտնելու կարողութիւնը ունիք: Տարբեր կարծիքներ լսեցէք: Զրուցեցէք ճկունութեամբ եւ դիւանագիտութեամբ: Համարձակութեամբ եւ վստահութեամբ արտայայտեցէք ձեր կարծիքը: Առաջ անցէք, մի՛ յանձնուիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Տակնուվրայ շրջան մըն է: Հարցեր յարուցելու ժամանակը չէ: Հանդիպումներու ընթացքին զայրոյթէն հեռու մնացէք: Հոգ տարէք ձեր գործին եւ զգուշ եղէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պէտք է դասաւորէք ձեր պարտականութիւնները եւ դնէք ձեր առաջնահերթութիւնները, որպէսզի յաջողութեան հասնիք: Առողջական հարցերով պիտի զբաղիք: Մի՛ անհանգստանաք յոյսով ոգեւորուեցէք:
