Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի թրքական ինքնահռչակ հանրապետութենէն վերադառնալէ ետք պատասխանած է լրագրողներու հարցումներուն, անդրադառնալով նաեւ Արցախի տագնապին: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»-ը:
Ան նշած է, որ ցայսօր միջազգային հարթակներու վրայ Թուրքիա միշտ աջակցութիւն ցուցաբերած է Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն, եւ այդ մօտեցումը պիտի շարունակուի նաեւ ապագային:
«Ղարաբաղի հարցով մենք ի սկզբանէ միշտ աջակցած ենք, կ՛աջակցինք եւ պիտի շարունակենք աջակցիլ Ազրպէյճանին: Այս հարցով կայ 3 պատասխանատու երկիր` Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա եւ Ֆրանսա: Դժբախտաբար, անոնք այդ ուղղութեամբ չեն առներ անհրաժեշտ քայլերը, եւ այդ պատճառով ալ տագնապը կը շարունակուի եւ լուծում չի գտներ», աւելցուցած է Էրտողան:
«Այս (Արցախի) հարցով մենք Ազրպէյճանը երբե՛ք առանձին չենք ձգած եւ պիտի չձգենք», եզրափակած է Թուրքիոյ նախագահը:
Յիշեցնենք, որ նախագահի պաշտօնին վերընտրուելէ ետք, Էրտողան իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը տուաւ Ազրպէյճանին:



