Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Մոհամետ Շքէյրը, Դրամատուներու սեփականատէրերու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյը եւ գործարար Ժաք Սարրաֆը, որոնց հետ քննարկեց երկրին տնտեսական իրավիճակը:
Հանդիպումէն ետք Շքէյր յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկումները դրական ընթացած են` աւելցնելով, որ իրենք խոժոռ դէմքով մուտք գործած են խորհրդարանի նախագահին մօտ, սակայն հանդիպումէն ժպտադէմ դուրս եկած են: «Մենք լաւատես ենք, որ կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ է, եւ իբրեւ Տնտեսական խորհուրդներ ու սեփական մարզ մեր միակ պահանջն է կազմել կառավարութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել երկրին տնտեսական կացութիւնը եւ ամբողջացնել կառավարութեան սկսած բարգաւաճման ծրագիրները», ըսաւ ան:
Պըրրիի այցելեց նաեւ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
Հանդիպումէն ետք Ռիաշի յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է երկրին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Տիմանի մէջ նախանցեալ օրուան հանդիպումին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Կառավարութեան կազմութեան մասին Ռիաշի նշեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ խորհրդակցութիւնները առկայ են, եւ անոնց միջեւ հարցեր չկան: «Խնդիրները կը գտնուին այլոց մօտ», ըսաւ Ռիաշի:
Միւս կողմէ, Պըրրի խորհրդարանի դիւանը նիստի մը հրաւիրեց երկուշաբթի, 16 յուլիս 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, ինչպէս նաեւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի երկուշաբթի, 16 յուլիս 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին:



