Ա. Ա.
Քեմալ Աթաթուրքէն ետք, Թուրքիոյ արդի պատմութեան մէջ քաղաքական ամէնէն ուժեղ անձը եղաւ Ռեճեփ Էրտողանը, որ քանի մը օր առաջ տուաւ իր նախագահական երդումը` դառնալով կառավարման նախագահական համակարգի առաջին նախագահը:
Թուրքիոյ սահմանադրութեան փոփոխութենէն ետք, նախագահական կանխահաս ընտրութեան յաղթանակ արձանագրելով, Էրտողան քաղաքական իր ասպարէզը ապահովեց գէթ մինչեւ 2023` կառավարման բացառիկ իրաւասութիւններով եւ լծակներով, որոնց գործադրութեան առաջին իսկ ցուցանիշով` պետական գանձարկղի եւ ելեւմուտքի նախարար նշանակեց իր փեսան` Պերաթ Ալպայրաքը, որ արդէն Էրտողանի ելեւմտական հարցերով խորհրդականն էր, եւ որուն անունին շուրջ Փանամայի թղթածրարին մէջ գոյութիւն ունի ելեւմտական բաւական լայնածաւալ գայթակղութիւն մը:
Էրտողան Թուրքիոյ առաջին նախագահն է, որ ունի բացառիկ լիազօրութիւններ` ուղղակիօրէն ղեկավարելու համար տնտեսական-ելեւմտական մարզերը, նշանակելու փոխնախագահները, կազմելու կառավարութիւնը, նշանակելու նաեւ` Սահմանադրական դատարանին անդամ դատաւորներուն կէսը: Նախագահական համակարգի կառավարման անցնելով` Էրտողանի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան վերնախաւը կը յոխորտայ, որ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը պիտի վերածէ առաջատար եւ զարգացած մարզի մը` լուծելու համար եօթանասուն միլիոնէ աւելի բնակչութիւն ունեցող երկրին ելեւմտատնտեսական հարցերը:
Սակայն ամէն ոք այս համոզումը չունի:
Առաջին հերթին ընդդիմութիւնը եւ միջազգային ընտանիքը ունին փաստարկուած իրողութիւններու վրայ հիմնուած լուրջ մտավախութիւններ, թէ` Էրտողան կը ձգտի եւ կ՛ուղղուի դէպի ամբողջատիրութիւն եւ ամբողջատիրական կարգեր, ուր խօսքի ազատութիւնը եւ մարդու իրաւունքները կոպտօրէնկ՛ոտնակոխուին տարբեր պատճառաբանութիւններով: Էրտողանի ընդդիմադիրները լաւապէս կը գիտակցին, որ ան կը շահագործէ յատկապէս աշխատաւոր դասակարգը, որ երկար տարիներ աշխարհիկ կարգերու պաշտպան իրերայաջորդ վարչակարգերու կողմէ մեկուսացուած եւ առաւել ճնշուած էր: Թէեւ այս դասակարգին շնորհուեցաւ համեմատաբար առաւել բարեկեցիկ կեանք մը, սակայն գինը, որ կը վճարուի, Էրտողանի ամբողջատիրական ախորժակներուն յագուրդ տալու մուրհակն է, որ այնքան ալ հանգստութիւն չի պատճառեր միջազգային հանրութեան:
Միւս կողմէ` Թուրքիոյ շրջանային եւ միջազգային քաղաքական ուղեգիծին մէջ որոշ թեքումներ միջազգային ընտանիքը եւ յատկապէս ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներն ու Միացեալ Նահանգները կը մղեն չափազանց զգուշ ըլլալու Թուրքիոյ ղեկավարութեան հետ, որովհետեւ ակնյայտ են Էրտողանի ձգտումները` վերադառնալու շրջանային եւ միջազգային բեմ, իբրեւ այնպիսի ուժ մը, որուն հետ անպայման պէտք է հաշուի նստիլ, նկատի ունենալ անոր դերակատարութիւնը եւ նոյնիսկ տարբեր պարագաներու ալ ընդունիլ, որ խաղին մէջ միակ ազդեցիկ կողմն է: Անշուշտ Էրտողան այս քաղաքականութեան մէջ բնաւ մտահան չ՛ըներ, այլ օրէ օր աւելի կը շեշտէ Օսմանեան կայսրութեան երբեմնի սահմաններուն մէջ ինկող աշխարհագրական տարածքներուն վրայ Թուրքիոյ ազդեցութեան տարածման անհրաժեշտութիւնը` իբրեւ հովանաւոր եւ միջնորդ:
Այս ծիրին մէջ ալ Էրտողանի համար Ռուսիա յատուկ նշանակութիւն ունի: Անգարա-Մոսկուա մերձեցումը իրականացաւ բաւական սուր լարուածութեան փուլէ մը ետք, երբ պահ մը ստեղծուեցաւ այն տպաւորութիւնը, թէ Ռուսիա զինուորական հարուած մը պիտի տայ Թուրքիոյ` Սուրիոյ օդային սահմաններէն ներս ռուսական հալածիչի մը վար առնուելու դէպքէն ետք: Սակայն հարցերը կամաց կամաց լուծուեցան, կիրքերը հանդարտեցան եւ Փութին-Էրտողան իրերայաջորդ հանդիպումներու ընթացքին կարեւորութեամբ ընդգծուեցաւ Ռուսիա-Թուրքիա գործակցութեան ամրապնդումը` Սուրիոյ տագնապին լուծման ճիգերուն մէջ: Նաեւ` Թուրքիոյ կորիզային մարզի զարգացման ծրագիրներուն եւ յատկապէս` զինման մարզին մէջ, ուր ռուսական վարկով գնուած «Էս-400» տիպի գերարդիական հրթիռներու համակարգը նոր գլխացաւ մը պատճառեց Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի:
Շրջանային մակարդակի վրայ Էրտողան իր ձեռքերուն մէջ ունի երկու խաղաքարտ` Սուրիոյ տագնապը եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը, որուն ուղղութեամբ յղուած պատգամը առաւել քան յստակ եղաւ: Էրտողան, իր սովորութեան համաձայն, նախագահ վերընտրուելէն ետք, պաշտօնական առաջին այցելութիւնը տուաւ Ազրպէյճան, ուր նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ վերահաստատեց Թուրքիա-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն «եղբայրական» բնոյթը, ինչպէս նաեւ, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին պարագային, Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան անվերապահ զօրակցութիւնը:
Էրտողան քաղաքական եւ տնտեսական յստակ նպատակներ եւ ծրագիրներ ունի` ամբողջապէս լիազօրուած նախագահի հանգամանքով Թուրքիան ղեկավարելու շրջանին մէջ: Միայն ժամանակը ցոյց պիտի տայ, թէ ան իսկապէս պիտի յաջողի՞ իր առաջադրանքներուն մէջ, թէ՞ արդէն իսկ բռնատէրի նախանշանները ցոյց տուած` պիտի վերածուի ամբողջատիրական իշխանութեան մը մէկ սովորական իշխանաւորին:



