Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուխտի Ճանապարհներ. Սօսէ Մայրիկի Վերաթաղուած Գերեզմանին Դիմաց

July 14, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Հայրենիքի վերանկախացումէն տասնեակ մը տարի ետք, առաջին զբօսապտոյտիս բախտը ունեցայ Եռաբլուրի մէջ այցելելու մանկութենէս զիս մեծապէս տպաւորած մեր ազգային-ազատագրական շարժման պանծալի հերոսներէն` Առիւծ Սերոբի մարտնչումներուն մասնակից իր կողակիցին` Սօսէի գերեզմանը այցելելու: Կէս դար առաջ Եգիպտոս համալսարանական շրջապտոյտիս ընթացքին առիթ չունեցայ Աղեքսանդրիոյ մէջ կէս օրուան ընթացքին իր գերեզմանը այցելելու: Ուստի տեղեակ ըլլալով իր աճիւններու հայրենիք տեղափոխուելուն` Հայաստանի Հանրապետութեան 80-ամեակին առիթով, ծաղկեփունջ վերցուցած, կնոջս հետ այստեղ եմ ահա:

Լուռ եւ չափազանց զգացուած պահուն յիշողութիւններով մտաբերեցի բոլոր ընթերցումներս մեր ժողովուրդի պատմական շրջանի ֆետայական շարժման կանացի պայքարի դիւցազնուհիին հետ կապուած դէպքերը, իր հերոս ամուսինին ու անդրանիկ զաւակ` Յակոբի սպաննուիլը` Գեալիգիւզան, եւ միւս կորիւնին` Սամսոնի մահը Կարինի ջարդին, տխուր, դառն ու դաժան մնացեալ աւելի քան յիսուն տարուան պատմութիւնը հայ դիւցազնուհիին: Աղեքսանդրիոյ մէջ պատմեցին, թէ կը յուսար, որ յաւիտենական կեանքին մէջ ամուսինին պիտի միանայ կրկին. «Սերոբ կը կանչէ զիս, իր մօտ  կ՛երթամ», եղած են անոր վերջին խօսքերը:

Կնոջս հետ խնկարկելէ եւ աղօթելէ ետք, Եռաբլուրէն դեռ չհեռացած, կնոջս ըսի, որ` «Դարեր շարունակ հայի արգանդը բեղուն եղած է: Ժամանակն է հայ հերոսուհիներու ծնելուն», ու կ՛ընկերանամ կնոջս ցած ձայնով արդէն սկսած հանրայայտ երգին.

«Ձայն տուաւ Սօսէն, Սերո՛բ ջան, հոս եմ,
Զինուած պատրաստուած` ձայնիդ կը սպասեմ.
Քեզի հետ կռուելու, քու կողքին մեռնելու
Ամէն օր, ամէն ժամ պատրաստ է Սօսէն»:

 

 

Նախորդը

«Մենք Խոնարհ Ժողովուրդ Ենք»

Յաջորդը

Աթաթուրքէն Ետք` Էրտողան

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.