ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Կարեւոր հանդիպում մը պիտի ունենաք: Լաւ շրջան մըն է ձեզի համար: Ձեր դիմաց ծանօթութիւններու նոր դռներ պիտի բացուին: Հանդարտ եղէք եւ մի՛ տարանջատէք ձեր միտքերը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Նիւթական հարցեր պիտի քննարկէք: Ձեր պարտքերը շուտով վճարեցէք: Որոշ գումար մը պիտի տաք ձեր կողակիցին: Քննութեան շրջան մը պիտի ապրիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պիտի վերագտնէք ձեր աշխուժութիւնը: Կարեւոր որոշում պիտի տաք: Փոփոխութիւններ պիտի մտցնէք առօրեայ ձեր գործին եւ արտաքինին մէջ: Լաւ շրջան է` սկսելու նոր ծրագիրներու։ Ամսուան ազդու օրերէն մէկն է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Դժուարութիւն կամ ուշացում պիտի ունենաք: Հանդարտութիւն եւ ձանձրոյթ պիտի տիրէ: Ձեր գործերը տեղքայլի մէջ պիտի ըլլան: Յուսախաբ պիտի ըլլաք, սակայն մի՛ տատամսիք շարունակելու ձեր պայքարը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կրնաք ձեր ժողովրդականութիւնը մեծցնել: Վճռորոշ դեր պիտի խաղաք ձեր շրջապատին մէջ եւ լաւ տպաւորութիւն պիտի ձգէք: Ձեր լաւ յատկութիւնները երեւան պիտի ելլեն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մի՛ պարտադրէք ձեր տեսակէտը` այլոց: Մէկու մը հետ վէճի պիտի բռնուիք: Ճնշող եւ խրթին վիճակ մըն է, կարեւոր, բայց դժուար պահեր պիտի ապրիք: Ձեր պարտականութիւններէն մի՛ թերանաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Յարաբերաբար պայմանները պիտի բարելաւուին: Պիտի յաջողիք ձեր աշխատանքին մէջ: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Վտանգի մի՛ ենթարկէք ձեր զգացումները այս քիչ բախտով օրերուն:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Աճապարեցէք մեղմացնել մթնոլորտը: Ձեր առողջական վիճակը կարիք ունի հոգատարութեան: Երկխօսութեան միջոցով աշխատեցէք լուծում մը գտնել ձեր հարցին: Վարչական խնդիրով պիտի զբաղիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Զգացական յոգնութիւններէն զգուշ եղէք: Զայրոյթ եւ նախանձ պիտի զգաք: Կարեւոր ժամադրութիւն մը պիտի ունենաք: Օգտուեցէք բոլոր առիթներէն եւ կարելիութիւններէն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Կանուխ գացէք աշխատանքի եւ ճշդեցէք ձեր նպատակները, որպէսզի ուշացումի չենթարկուիք: Անակնկալ հարցերուն լուծումներ գտէք եւ մի՛ յետաձգէք ձեր գործերը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ճկունութեամբ եւ հասկացողութեամբ հարցերը իրենց բնականոն ընթացքին մէջ կրնաք դնել: Կարգապահ եղէք եւ շատ մի՛ գանգատիք: Փախուստ մի՛ տաք պատասխանատուութիւն ստանձնելէ: Ձեր հաւասարակշռութիւնը պահեցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Անձնական կամ ընտանեկան հարցեր պիտի ունենաք: Զգուշ եղէք անհասկացողութենէ: Անձնական հարցերուն արժէք տուէք: Ուրախ երեւոյթի մը համար պիտի խանդավառուիք:
