
Հայկական լրատուամիջոցներ երէկ անդրադարձան քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած Ալաշկերտ – Սելթիք մրցումէն («Չեմփիընզ լիկ») առաջ տեղի ունեցած ձեռնարկի մը` յայտնելով, որ Ալաշկերտի միջնապահ Արտակ Եդիգարեան ստացաւ «Ոսկիէ կօշիկ»-ը` նկատի ունենալով, որ ան հանդիսացած էր Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի աւարտած ախոյեանութեան լաւագոյն ռմբարկուն` իր նշանակած 13 կոլերուն շնորհիւ:
Ան յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով կը տիրանար այս մրցանակին: 2016-2017 տարեշրջանին փորձառու միջնապահը լաւագոյն ռմբարկուի կոչումը կիսեց Ալաշկերտի իր խմբակիցին` Միհրան Մանասեանի հետ (երկուքն ալ` 13-ական կոլ):


