ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր ծախսերուն մէջ չափազանցութեան մի՛ երթաք: Շահ մը կամ գնահատագիր մը պիտի ստանաք: Պտոյտի պիտի երթաք: Դրական շրջան մըն է: Ժպտեցէք նոյնիսկ դժուար ժամերուն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր աշխատանքին արդիւնքը պիտի քաղէք: Ձեր ինքնավստահութիւնը պիտի վերագտնէք: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք: Նոր շրջանի մը սկիզբն է: Ամսուան ուրախ օրերէն մէկն է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հեռու մնացէք տագնապեցնող մթնոլորտէ: Հանգիստ ըրէք: Ուշադիր եղէք յուսախաբութենէ եւ ուշացումէ: Ձեր տրամադրութիւնը լաւ չէ: Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Նախընտրելի է խումբի մը մէջ աշխատիք: Մինակ մի՛ մնաք: Սեւ ամպերը պիտի հեռանան եւ պատկերը պիտի յստականայ ձեզի համար: Ընկերային կեանքի մէջ գործօն դերակատարութիւն պիտի ունենաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մթնոլորտը տագնապալից պիտի ըլլայ: Խնդիրները հանդարտութեամբ լուծեցէք, հեռու` թշնամական կեցուածքներէ: Մեծ պատասխանատուութիւն մը պիտի շալկէք ձեր ուսերուն: Մի՛ տկարանաք եւ ձեր վստահութիւնը մի՛ կորսնցնէք: Դժուար շրջան մըն է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Յարմար շրջան մըն է` զարգացնելու ձեր գործը եւ կրկին փորձելու: Պայմանագիր մը պիտի ստորագրէք եւ կարեւոր շրջան մը պիտի սկսիք ձեր կեանքին մէջ: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պիտի զբաղիք ձեր գործերը կարգաւորելով: Հեռու մնացէք խնդիրներ յարուցելէ: Ամսուան վատ օրերէն մէկն է: Շրջապատուեցէք ձեր ընտանիքի անդամներով եւ հարազատներով:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ոեւէ մէկուն հանդէպ թշնամական կեցուածք մի՛ որդեգրէք: Ամսուան վատ օրերէն մէկն է: Դժուար կացութիւններու պիտի մատնուիք: Օրէնքները յարգեցէք: Շուտով պիտի վերանան դժուարութիւնները:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կանուխ գացէք աշխատանքի եւ մի՛ դանդաղիք: Ձեր պարտականութիւնները շատ են, առիթ չունիք հանգստանալու: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Երազ մը պիտի ապրիք եւ փափաք մը պիտի իրականացնէք: Պիտի ամրապնդէք ձեր գործը: Ոսկեայ առիթ մը պիտի ունենաք` իրականացնելու ձեր երազը: Ամսուան ուրախ եւ բախտաւոր օրերէն մէկն է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Անձնական եւ ընտանեկան խռովութիւններ պիտի ծագին: Ուշադիր եղէք անհասկացողութենէ: Ձեր անունը մի՛ աղաւաղէք: Առիթ մը ունիք` փաստելու ձեր ներկայութիւնը: Խրթին շրջան մըն է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Օգտագործեցէք ձեր մտային կարողութիւնները` վերջ մը դնելու տարակարծութիւններուն: Յստակօրէն պիտի քննարկէք: Կարողութիւն ունիք բանակցելու եւ համոզելու: Նիւթական հարց մը պիտի լուծէք:
