Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԴԷՊԻ ՀԱՅՔ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՏՆՕՐԷՆԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ Գ. ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

November 25, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 18 նոյեմբեր 2011-ին, վարժարանս այցելեց «Դէպի Հայք» հիմնադրամի Երեւանի տնօրէն, ծագումով լիբանանցի Սեւան Գապաքեան:

2004-ին ծնունդ առած «Դէպի Հայք» կազմակերպութիւնը նպատակ ունի ամրապնդել հայրենիք եւ սփիւռք փոխկապակցութիւնը` սփիւռքի երիտասարդութեան հնարաւորութիւն տալով կամաւորական փորձառութիւններու միջոցով մասնակցելու Հայաստանի ամէնօրեայ կեանքին:

Վարժարանիս 11-րդ, 12-րդ եւ արհեստից բաժնի աշակերտներուն հետ հանդիպում ունենալով` Ս. Գապաքեան աշակերտներուն շեշտեց այն իրականութիւնը, որ` «Հայաստան գալը անհրաժեշտութիւն մըն է, որովհետեւ Հայաստանը բոլորիս երկիրն է»: Ան այս կազմակերպութիւնը նկարագրեց որպէս կամուրջ մը, որուն միջոցով 20-32 տարեկան երիտասարդները առիթը ունին հայրենիքի մէջ կամաւորական աշխատանքներ կիրարկել` հասարակութեան մէջ ծառայութիւններ կատարելով, միաժամանակ ծանօթանալով հայոց երկրին, ապրելով ժողովուրդին հետ, «դպնալով Հայոց պատմութեան եւ զգալով անոր ուժը»:

Ս. Գապաքեան խօսեցաւ կազմակերպութեան իւրաքանչիւր մանրամասնութեան մասին, որուն միջոցով առայժմ 25 երկիրներէ 600 մասնակիցներ այս փորձառութիւնը ապրած են` շնորհիւ «Դէպի Հայք» կազմակերպութեան ծրագրին, որ աշխատանքներու կողքին, իր մասնակիցներուն կը տրամադրէ նաեւ լեզուի դասընթացքներ, դասախօսական շարքեր, երաժշտական երեկոներ, շրջապտոյտներ եւ զանազան գործունէութիւններ:

Գապաքեանի հաղորդական ոճը եւ ներկայացնելու կարողութիւնը մղեց աշակերտները` հարցումներով մասնակցութիւն բերելու եւ հետաքրքրուելու այս ծրագրին մասին, որուն պայմանները քաջալերական եւ խրախուսիչ են բոլոր հայ երիտասարդներուն համար, որոնք կը փափաքին երկարաժամկէտ (2-12 ամիսներու տեւողութեամբ) Հայաստան երթալ:

Հանդիպան աւարտին վարժարանի տնօրէնուհի  Ռիթա Պոյաճեան յաջողութիւն մաղթեց «Դէպի Հայք» կազմակերպութեան պատասխանատու մարմիններուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրին` իր շինիչ ներկայացման համար, որով Ս. Գապաքեան ընդգծեց կազմակերպութեան ընձեռած հնարաւորութիւնները` ի սպաս հայ երիտասարդութեան մէջ ազգային ինքնագիտակցութեան վերարժեւորման եւ հայրենիք-սփիւռք փոխկապակցութեան ամրապնդման:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
ԳԷՈՐԳ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ` ԲԱՆԱԿԻՆ ՀԵՏ

Յաջորդը

«ՆՇՈՅԼ ՀՐՃՈՒԱՆՔԻ» (ՀԵՂԻՆԱԿ` ԱՐԱՄ ՔԷԹԷՆՃԵԱՆ)

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.